Խոջալուն ազատագրած ԼՂՀ ինքնապաշտպանական ուժերը խաղաղ բնակիչներուն միջանցք ձգած էին անվտանգ հեռանալու համար: Այս մասին նախապէս տեղեկացուած է հակառակորդ կողմին: Խոջալուի կրակակէտերը ճնշելու գործողութեան նախապատրաստման մասին եւս հակառակորդը տեղեակ պահուած էր երկու ամիս առաջ. իրողութիւն մը, որ հաստատած են նաեւ Ազրպէյճանի պաշտօնատար անձեր, մասնաւորապէս` օրուան նախագահ Այազ Մութալիպովը: Սակայն, ըստ արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան, Ազրպէյճանի իշխանութիւնները ոչ մէկ քայլի ձեռնարկած են խաղաղ բնակչութիւնը մարտական գործողութիւններու գօտիէն դուրս բերելու համար: Աւելի՛ն. խաղաղ քաղաքացիներու շարասիւները գնդակահարուած են Աղդամի շրջանի սահմանային մատոյցներուն մօտ, ազրպէյճանցիներու կողմէ, ինչ որ աւելի ուշ հաստատած է Ա. Մութալիպովը` այդ յանցաւոր գործողութիւնը կապելով զինք իշխանութենէն հեռացնելու եւ պատասխանատուութիւնը իր վրայ բարդելու ընդդիմութեան փորձերուն հետ:
Ազրպէյճան ձեռնարկած է աւանդական հակահայկական արշաւի մը` կապուած 1992-ի Խոջալուի իրադարձութիւննեուն հետ: «Պաշտօնական ազրպէյճանական քարոզչութիւնը նախկինի պէս խտրութիւն չի դնում միջոցներում` ողբերգութեան մէջ հայկական կողմին մեղադրելու համար, միջազգային հանրութեան եւ սեփական ժողովրդի գիտակցութեան մէջ ներարկելով հայատեացութեան թոյնի նոր չափաբաժին: Դեռ աւելին, Պաքուն շարունակում է արդէն մերկացած կեղծիքներ բազմացնել ու տարածել», կը յայտնէ ԼՂՀ արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկատուական վարչութեան հրապարակած հաղորդագրութիւնը: Անցեալ տարի ԼՂՀ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հասարակութեան ուշադրութիւնը հրաւիրած էր կեղծուած լուսանկարի մը վրայ, որ տեղադրուած է ազրպէյճանական շարք մը կայքէջերու մէջ, ներառեալ` «Հայտար Ալիեւի հիմնադրամ»-ի կայքէջին: Լուսանկարին մէջ քաղաքացիներու դիակներէն բացի, կ՛երեւի բնակավայրի մը ծայրամասը: Ըստ ԼՂՀ արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան, բնակավայրին պատկերը պէտք է ճշմարտութիւն հաղորդէր Խոջալուի մէջ ազրպէյճանցիներու զանգուածային սպանութիւններուն մասին` Պաքուի տարբերակին: «Մինչդեռ վերոյիշեալ լուսանկարին գունաւոր տարբերակը միանգամայն հերքում է այդ վարկածը` զոհուածների արտաքին տեսքի, նրանց հագուստի եւ այլնի առումով: Իրականում լուսանկարը անմիջականօրէն առնչւում է Քոսովոյի հետ: Հէնց այդ որակով բազմաթիւ այլ լուսանկարների հետ այն տեղադրուել է եւ յիշատակւում է սերպական, ալպանական, գերմանական, ինչպէս նաեւ «Նիւ Եորք Թայմզ» հեղինակաւոր պարբերականի կայքէջերում: «Այնուամենայնիւ, ցուցադրուած բացայայտ կեղծիքը, ըստ ամենայնի, շարունակում է մնալ շատ մը ազրպէյճանական կայքէջերում` մոլորութեան մէջ գցելով չտեղեկացուածներին: Ամբողջ աշխարհով մէկ նաեւ տարածւում են տուեալ կեղծիքով գրքոյկներ», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Ի՛նչ Պատահեցաւ Խոջալուի Մէջ
Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկատուական վարչութիւնը կը յիշեցնէ, որ 1992 փետրուարի 25-26-ին, ղարաբաղեան կողմը ռազմական գործողութիւն սկսած է Խոջալու բնակավայրի կրակակէտերու վերացման եւ նոյն աւանին մօտ գտնուող միակ օդակայանի ապաշրջափակման նպատակով: 1991-էն սկսեալ այդ շրջանէն Լեռնային Ղարաբաղի բնակավայրերը ենթարկուած են ազրպէյճանական ՕՄՕՆ-ականներու (յատուկ նշանակութեան ոստիկանական ջոկատներու) յարձակումներուն, ռմբակոծուած են «Ալազան», «Քրիսթալ» եւ համազարկային կրակի «Կրատ» հրթիռարձակ կայաններէ: Խոջալուի օդակայանին ապաշրջափակումը եւ հակառակորդի կրակակէտերու վնասազերծումը ԼՂՀ բնակչութեան համար կենսական անհրաժեշտութիւն էր: Խոջալուն ազատագրած ԼՂՀ ինքնապաշտպանական ուժերը խաղաղ բնակիչներուն միջանցք ձգած էին` անվտանգ հեռանալու համար: Այս մասին նախապէս տեղեկացուած է հակառակորդ կողմին: Խոջալուի կրակակէտերը ճնշելու գործողութեան նախապատրաստման մասին եւս հակառակորդը տեղեակ պահուած էր երկու ամիս առաջ. իրողութիւն մը, որ հաստատած են նաեւ Ազրպէյճանի պաշտօնատար մարդիկ, մասնաւորապէս` օրուան նախագահ Այազ Մութալիպովը: Սակայն, ըստ արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան, Ազրպէյճանի իշխանութիւնները ոչ մէկ քայլի ձեռնարկած են խաղաղ բնակչութիւնը մարտական գործողութիւններու գօտիէն դուրս բերելու համար: Աւելի՛ն. խաղաղ քաղաքացիներու շարասիւները գնդակահարուած են Աղդամի շրջանի սահմանային մատոյցներուն մօտ, ազրպէյճանցիներու կողմէ, ինչ որ աւելի ուշ հաստատած է Ա. Մութալիպովը` այդ յանցաւոր գործողութիւնը կապելով զինք իշխանութենէն հեռացնելու եւ պատասխանատուութիւնն իր վրայ բարդելու ընդդիմութեան փորձերուն հետ: Տարածքը, ուր հետագային բազմաթիւ սպաննուածներու դիակներով պատկերներ նկարահանուած են, կը գտնուի Աղդամէն 3, իսկ Խոջալուէն 11 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ: Մինչեւ 1993-ի ամրան Աղդամի անկումը, տուեալ տարածքը ամբողջովին կը վերահսկուէր Ազրպէյճանի ժողովրդական ճակատին կողմէ: «Առայսօր մշուշապատ են մնում այդ ռազմական գործողութեան որոշ մանրամասներ, ինչն աշխուժօրէն շահարկւում է պաշտօնական Պաքուի կողմից` իր քաղաքական նպատակներին հասնելու համար: Յատկանշական է, որ այդ ամբողջ քարոզչութիւնը տարւում է վառ արտայայտուած հակահայկական շեշտադրումներով ու օգտագործւում ազրպէյճանցիների շրջանում հայերի դէմ ուղղուած ցեղային անհանդուրժողականութեան եւ ատելութեան շիկացման համար: Ցաւօք, Խոջալուի թեման շարունակում է մնալ Ազրպէյճանի ներքին եւ արտաքին տեղեկատուական, աւելի ճիշդ, ապատեղեկատուական քաղաքականութեան անկիւնաքարը` ղարաբաղեան հիմնախնդրի պարունակում», գրուած է Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ: Նշենք, որ ազրպէյճանական իշխանութիւնները վերջին շրջանին կը փորձեն Ղարաբաղի ինքնապաշտպանութեան մարտերը ղեկավարած շարք մը հայ հրամանատարներ միջազգային դատարան տանիլ` զանոնք իբրեւ ցեղասպաններ ամբաստանելով:
