Գիւմրիի Մէջ Կայացաւ «Հայատեացութիւնը Ազրպէյճանում» Ռուսերէն Գիրքի Շնորհահանդէսը
Գիւմրիի «Սախարովի անուան մարդու իրաւունքների պաշտպանութեան կենտրոն»-ին մէջ, փետրուար 23-ին տեղի ունեցաւ «Հայատեացութիւնը Ազրպէյճանում» ռուսերէն փաստավաւերագրական գիրքին շնորհահանդէսը, որուն ներկայ եղաւ գիրքին համահեղինակը` ազրպէյճանագէտ Անժելա Էլիպեկովան: Ձեռնարկը կազմակերպած էր պատմաբաններու «Վիկտորիա» ակումբը: Աշխատութեան համահեղինակներ Անժելա Էլիպեկովան եւ Արմինէ Ադիբեկեան օգտագործած են միայն պաշտօնական փաստեր եւ յայտարարութիւններ, մէջբերումներ կատարուած են ազրպէյճանական մանկական, գեղարուեստական, ուսումնական գրականութենէն, ինչպէս նաեւ` պաշտօնական հանդիպումներու ընթացքին յայտարարութիւններէն,...















