Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ողջակիզումին Եւ Ցեղասպանութեան Միջեւ Տարբերութիւն Չկայ. Աքչամ

March 4, 2014
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

0220Akcam2Արդէն արձագանգած էինք պատմաբան Թաներ Աքչամի կողմէ «Թարաֆ» թերթին մէջ հրատարակուած յօդուածի առաջին մասին, ուր Աքչամ կը բողոքէր Մարդու իրաւունքներու եւրոպական ատեանին (ԵՄԻԱ) կողմէ Տողու Փերինչեքի ի նպաստ տրուած որոշումին դէմ եւ ցաւ կը յայտնէր, թէ այդ վճիռը կը ձգէ այն տպաւորութիւնը, թէ ո՛չ մէկը կրնայ ուրանալ Հրէական ողջակիզումը, բայց Հայոց ցեղասպանութեան ուրացումը ազատ է:

Աքչամ կը գրէ, թէ ԵՄԻԱ-ի սխալն այն է, որ զատորոշած է Հրէական ողջակիզումն ու Հայոց ցեղասպանութիւնը: Աքչամ նախ դիտել կու տայ, որ «սպիտակամորթի եւրոպական մտածողութիւն» մը կայ այն տեսակէտին ետին, թէ միայն Ողջակիզումը զանգուածային բնաջնջում է: Ան կը նշէ, որ ըստ ատեանին` Ողջակիզումը բոլորին կողմէ ընդունուած է, մինչդեռ Ցեղասպանութիւնը այդպէս չէ: Ըստ Աքչամի,  ատեանը պէտք չէ յենակէտ դարձնէր այն պնդումը, թէ Հայոց ցեղասպանութիւնը տակաւին բանավէճի նիւթ է` նման քայլ մը ատեանին «անվայել» նկատելով: «Այսպիսի թեզ մը յառաջ քշելը պարզապէս զիջում մըն է Թուրքիոյ նման ուրացող երկրի մը քաղաքական ուժին դիմաց», կ՛աւելցնէ ան:

Աքչամ կ՛ըսէ նաեւ, որ երկուքին միջեւ միակ տարբերութիւնն այն է, որ Գերմանիա ընդունած է իր մեղքը, մինչդեռ Թուրքիա կը շարունակէ ուրանալ: Աքչամ կը նշէ, որ եւրոպական երկիրները Ողջակիզման նկատմամբ աւելի զգայուն են, որովհետեւ այդ սպանդը կատարուած է Եւրոպայի կեդրոնը: Այլապէս, բոլոր այն տուեալները, որոնք առկայ են Ողջակիզման պարագային, առկայ են նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան պարագային: Ինչ կը վերաբերի բանավէճի նիւթին, Աքչամ կը շեշտէ, թէ ի պահանջել հարկին, կարելի է գտնել անհամար մարդիկ, որոնք այսօր իսկ կ՛ուրանան Հրէական ողջակիզումը:

Աքչամ կը յիշեցնէ, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը համաշխարհային հանրային կարծիքին կողմէ ընդունուած է, եւ միայն Թուրքիան կ՛ուրանայ զայն: «Բայց արեւմտեան կարգ մը երկիրներ զատորոշում մը կ՛ընեն Ողջակիզման ու Ցեղասպանութեան միջեւ, որպէսզի չվշտացնեն Թուրքիան», կ՛աւելցնէ ան:

Իսկ երկրորդ կէտը, որուն վրայ ԵՄԻԱ հիմնած է իր որոշումը, այն էր, թէ Ողջակիզումը ընդունուած է դատական որոշումով, մինչ Հայոց ցեղասպանութեան մասին դատական որեւէ որոշում չկայ: Աքչամ կը գրէ, որ ինք չի հասկնար, թէ ԵՄԻԱ ինչպէ՞ս կրցած է յանգիլ այս եզրակացութեան, որովհետեւ երկուքին միջեւ, ըստ էութեան, որեւէ տարբերութիւն չկայ:

Աքչամ կը շեշտէ, թէ Ողջակիզման մասին եւս միջազգային դատական որեւէ որոշում գոյութիւն չունի իրականութեան մէջ: Նիւրեմպերկի դատավարութեանց ընթացքին Ողջակիզման խօսքը չէ եղած: Մինչեւ այսօր ցեղասպանութեան մասին դատական որոշում միայն երկու դէպքերու համար ընդունուած է, մէկը` Ռուանտայի, միւսը` Սրեպրենիցայի պարագային:

Աքչամ կը պնդէ, թէ միջազգային իրաւակարգին կողմէ Ողջակիզումն ու Ցեղասպանութիւնը կը նկատուին «մարդկութեան դէմ ոճիր»-ներ, եւ կը յիշեցնէ, թէ «մարդկութեան դէմ ոճիր» ասութիւնը առաջին անգամ գործածուած է Հայոց ցեղասպանութեան առիթով:

Աքչամ իր երկարաշունչ յօդուածին վերջաւորութեան դիտել կու տայ հետեւեալը. «Մասամբ հասկնալի է, որ այս նիւթը Եւրոպայի մէջ բանավէճի նիւթ կը դառնայ` որպէս իրաւական հարց, բայց Թուրքիա տակաւին այս մակարդակին չէ հասած: Թուրքիոյ մէջ տակաւին շատ լայն զանգուածներու կողմէ ատելութեան յանցագործութիւններ կը կատարուին անցեալին մէջ սպանդի ենթարկուածներուն` հայերու, ասորիներու կամ յոյներու նկատմամբ: Թուրքիոյ մէջ տակաւին Այշէ Քուլինի նման յայտնի գրագէտներ` «Մենք հայերը կեցած տեղը չջարդեցինք» կրնան ըսել, հոգ չէ թէ վերջը կ՛աւելցնեն, որ լեզուի սայթաքում ունեցան: Այս պատճառով, Թուրքիոյ մէջ այս հարցը նախ պէտք է ձեռք առնուի ոչ թէ դատական մակարդակի վրայ, այլ` խղճմտանքի մակարդակի վրայ:

 

 

 

 

Նախորդը

Ցեղասպանութեան Ականատեսին Գիրքը Թրքերէն Թարգմանուած Է

Յաջորդը

Արմէնի Եւ Սերգէյի Տարբերութիւնները

RelatedPosts

Հայ Դատ

Համալսարանի Մէջ Ուսանողներուն Ապսպրուած Գիտական Աշխատանքի Քննութիւն. «Պատրաստեցէք Հայոց Ցեղասպանութեան Պնդումները Ջրող Աշխատասիրութիւն»

December 31, 2014
1231fatih
Հայ Դատ

Մէկ Ժապաւէնը Չի Կարող Ներողութիւն Խնդրել. Ֆաթիհ Աքըն

December 31, 2014
Հայ Դատ

«Զաման». «Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղը` Վաքըֆլը»

December 31, 2014
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.