Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

104-Ամեայ Մուսալեռցին Կապուած Է Հայրենի Հողին

March 18, 2014
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Witness-aԱրմաւիրի մարզի Էջմիածին շրջանի Պտղունք գիւղի բնակիչ Խաչիկ Պեպիսեանը (Բաբիսեան) 1910-ին Մուսա լեռ ծնած է: Միայնակ տարեցը երկար տարիներ բնակած է Միացեալ Նահանգներու մէջ, ապա վերադարձած է Պտղունք, ուր, հակառակ տարիքին եւ առողջական խնդիրներուն, առանձին կ՛ապրի: 104-ամեայ ծերունին առոյգ է: «Արմէնփրես»-ի լրագրողներու խումբը երբ զինք կը փնտռէր տան մէջ, գտաւ տան կտուրին, ուր բարձրացած էր սեփական ձեռքերով աճեցուցած խաղողը մշակելու համար: Խումբը տեսնելով` ան իջաւ փայտէ աստիճաններով, ժպիտը դէմքին համաձայնեցաւ պատմել դժուարութիւններով լի իր կեանքը: Խաչիկը կը կարծէ, որ ինք տակաւին ընդամէնը 20 տարեկան է, հակառակ անոր որ երբեմն առողջական խնդիրները կը յիշեցնեն իրական տարիքին մասին: «Մուսա Լերան Քեպուսիէ գիւղը ծնած եմ, այդ տարիներուն ի՛նչ ըսես մեր գլխուն եկած է… Մուսա Լեռէն հասած ենք Լիբանան, ուր կամաց կամաց սկսանք անասուններ պահել, եօթը ամիս ետք ընտանիքով հաստատուեցանք Պէյրութ», կը յիշէ Խաչիկը:

Մուսա Լերան վեց գիւղերու (Քեպուսիէ, Վագըֆ, Խտրպէկ, Եողունոլուգ, Հաճի Հապիպլի, Պիթիաս) հայութիւնը աշխարհագրական լեռնային դիրքի շնորհիւ գրեթէ փրկուեցաւ Եղեռնին նախորդող համիտեան հալածանքներէն, իսկ 1915-ի յուլիսի կէսերուն դիմեց ինքնապաշտպանութեան: 26 յուլիս 1915-ին հրապարակուեցաւ հնգօրեայ ժամկէտի մէջ մօտակայ հայաբնակ գիւղերէն Քեսապի տարագրման հրամանը: Մուսալեռցիներուն մէկ մասը սկսաւ լեռ բարձրանալ, իսկ ինքնապաշտպանութեան դիմելու որոշումը որդեգրուեցաւ 29 յուլիսին, Եողունօլուգի մէջ գումարուած ընդհանուր ժողովի ընթացքին, եւ քանի մը օրուան մէջ Մուսա Լեռ բարձրացաւ շուրջ 5000 հայ, իսկ 2000-ը տարագրուեցան:

Թէեւ անցեալի իրադարձութիւններու մասին իր վերյիշումը աղօտ է, սակայն պատմութեան հերոսը կը վստահեցնէ, որ մուսալեռցիները շատ տանջուած են: Ականատեսին հայրը մասնագիտութեամբ ատաղձագործ էր: Ընտանիքին մէջ գրեթէ բոլորը զբաղած են անասնապահութեամբ: Խաչիկը ակնածանքով կը յիշէ մեծ հօր եւ պապի մասին, որոնք հիւանդութեան պատճառով շուտ հեռացած են կեանքէն:

Witness-bՄուսա Լերան վրայ ծաւալած պատմական իրադարձութիւնը հետագային ներշնչած է աւստրիացի գրող Ֆրանց Վերֆելը, որ գրած է «Մուսա Լերան քառասուն օրերը» վէպը: Եւրոպայի մէջ ապրող հրեաները զայն կը կարդային` կանխազգալով իրենց ճակատագիրը: Ողջակիզումի ժամանակ այդ գիրքը կեթոյի պաշտպանները ձեռքէ ձեռք կը փոխանցէին` որպէս ներշնչման աղբիւր եւ նացիներու դէմ զէնք բարձրացնելու կոչ: Վերֆելի «Մուսա Լերան 40 օրերը» վէպի առաջին հրատարակութիւնը լոյս տեսած է գերմաներէնով, 1933-ին: Միայն երկու տարուան ընթացքին` 1934-1935, վէպը թարգմանուած է 36 լեզուներու: Վերֆել վէպը գրած ատեն օգտագործած է ականատեսներու վկայութիւններ, լրատուութիւններ, ուսումնասիրած է հայ ժողովուրդի պատմութիւնը, կրօնն ու մշակոյթը: 1934-ին գիրքը արժանացած է տարուան լաւագոյն վէպի միջազգային մրցանակին:

Լիբանանէն տեղափոխուելով Հայաստան` Խաչիկ կ՛ամուսնանայ, կ՛ունենայ հինգ աղջիկ եւ մէկ տղայ, որոնցմէ ոչ մէկը, պայմաններու բերմամբ, այժմ իրեն հետ կ՛ապրի: Ան երկար ժամանակ կը մնայ Միացեալ Նահանգներ` որդիին մօտ, ապա կ՛որոշէ վերադառնալ Հայաստան, որովհետեւ մեծ էր մեղուաբուծութեամբ զբաղելու իր ցանկութիւնը: Ծերունին յոյսով է, որ օր մը իր որդին ալ պիտի վերադառնայ Հայաստան:

Հայրենիքի մէջ ապրելով` Խաչիկը ստիպուած է ինքն իրեն հոգ տանիլ, ճաշ եփել, զբաղիլ կենցաղային գործերով, մշակել սեփական տան փոքրիկ հողատարածքը: Յատկապէս ամրան ամիսներուն հողագործութիւնը եւ մեղուաբուծութիւնը անոր առօրեային անբաժան մասն են: «Ես միշտ անասնապահութեամբ զբաղած եմ, կովեր ունեցած եմ: Այժմ մինակ կ՛ապրիմ, կը դժուարանամ, մեղուներուն թիւն ալ վերջին տարիներուն պակսած է», իր մտահոգութիւնը կը յայտնէ ան ու առանձնակի հպարտութեամբ կը պատմէ իր տնկած խաղողի տունկերուն մասին: «Մուսա Լերան մէջ մենք շատ լաւ կ՛ապրէինք: Վերադառնալ չեմ ուզեր: Ի վիճակի չեմ, հիմա այնտեղ թուրքեր կ՛ապրին, թուրքերու հետ ինչպէ՞ս այնտեղ մնամ», կ՛ըսէ վերապրող ականատեսը:

 

Նախորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Ուքրանական Գորդեան Հանգոյց

Յաջորդը

105-Ամեայ Վերապրող Հերիքնազ Մուրատեան-Հայոց Ցեղասպանութեան Վերջին Մոհիկաններէն. Գաղթի Ճանապարհի Կոտորածներն Ու Ճչոցները Մինչեւ Հիմա 105-Ամեայ Հերիքնազ Մուրատեանի Ականջներուն Մէջ Են

RelatedPosts

Հայ Դատ

Համալսարանի Մէջ Ուսանողներուն Ապսպրուած Գիտական Աշխատանքի Քննութիւն. «Պատրաստեցէք Հայոց Ցեղասպանութեան Պնդումները Ջրող Աշխատասիրութիւն»

December 31, 2014
1231fatih
Հայ Դատ

Մէկ Ժապաւէնը Չի Կարող Ներողութիւն Խնդրել. Ֆաթիհ Աքըն

December 31, 2014
Հայ Դատ

«Զաման». «Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղը` Վաքըֆլը»

December 31, 2014
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.