«Արխիւային Փաստաթուղթերը Հանրութեան Մատչելի Դարձնելը Կարեւոր Է Դաշնակցութեան Պատմութիւնն Ու Կատարած Դերակատարութիւնը Առաւել Եւս Եւ Շօշափելիօրէն Հիմնաւորելու Առումով» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Դոկտ. Խաչատուր Ստեփանեան
Հարցազրոյցը վարեց` Ն. ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան արխիւներուն կարեւորութեան եւ անոնց պարզած ներկայի վիճակին մասին «Ազդակ» հարցազրոյց մը կատարեց դոկտ. Խաչատուր Ստեփանեանի հետ, որ Հայաստանի պետական մանկավարժական համալսարանի պատմութեան ամպիոնի փրոֆեսէօր է, եւ որուն գիտական աշխատասիրութիւնները հիմնականին մէջ կեդրոնացած են 19-րդ դարու աւարտին եւ 20-րդ դարու սկզբնաւորութեան հայ ազգային-ազատագրական շարժման, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան, հայ-վրացական փոխյարաբերութիւններու, 1920-1930-ական թուականներու սփիւռքահայ հասարակական-քաղաքական միտքի...