Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազատ Օր»-ի Հարցազրոյցը Արեւմտահայերէն Ուքիփետիա Ծրագիրի Պատասխանատու Ազնիւ Ստեփանեանի Հետ

Մարտ 31, 2020
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ազատ օր»

Որոշ ժամանակ ա­ռաջ, ­Յու­նաս­տան գտնո­ւե­ցաւ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­ն Ու­քի­փե­տիա­ բա­ժի­նի պա­տաս­խա­նա­տու Ազ­նիւ Ս­տե­փա­նեան, որ Հ.Կ.­Խա­չի ազ­գա­յին վար­ժա­րան­նե­րու խումբ մը ա­շա­կերտ­նե­րուն, ո­րոնք կը զբա­ղին Ու­քի­փե­տիա­յի բա­ժին­նե­րու խմբագ­րու­թեամբ, ներ­կա­յա­ցուց ծրա­գի­րի ըն­թաց­քը եւ ցոյց տո­ւաւ խմբագ­րու­մի ձե­ւե­րը։ Ան նաեւ «­Հա­մազ­գա­յին»ի Շրջ. վար­չու­թեան կող­մէ կազ­մա­կեր­պո­ւած հա­ւա­քին խօ­սե­ցաւ Ու­քի­փե­տիա­յի մա­սին եւ ծրա­գի­րը ծա­նօ­թա­ցուց հե­տաքրք­րո­ւող­նե­րուն։ Իր Ա­թէնք կե­ցու­թեան օ­րե­րուն, Ազ­նիւ Ս­տե­փա­նեան այ­ցե­լեց «Ա­զատ Օր»ի խմբագ­րա­տու­նը եւ շա­հե­կան հար­ցազ­րոյց մը տո­ւաւ, որ կը հրա­տա­րա­կենք ստո­րեւ։ Ազ­նիւ Ս­տե­փա­նեան ծնած է ­Հա­լէ­պի մէջ։ Ան շրջա­նա­ւարտ ե­ղած է ազգ. «­Քա­րէն Եփ­փէ» ճե­մա­րա­նէն. ա­ւար­տած է ­Հա­լէ­պի պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նի ա­ռեւտ­րա­կան ու­սում­նա­րա­նը, ա­ւար­տած է նաեւ «­Հա­մազ­գա­յին»ի հա­յա­գի­տա­կա­նի քա­ռա­մեայ դա­սըն­թացք­նե­րը: Ե­ղած է հա­յե­րէ­նա­ւանդ ու­սուց­չու­հի ­Հայ Ա­ւե­տա­րա­նա­կան «­Բե­թէլ» երկ­րոր­դա­կան վար­ժա­րա­նին մէջ (14 տա­րի): ­Սու­րիոյ պա­տե­րազ­մին պատ­ճա­ռով հաս­տա­տո­ւած է ­Հա­յաս­տան, ուր վեր­ջերս ա­ւար­տած է Ե­րե­ւա­նի «Խ. Ա­բո­վեան»ի ա­նո­ւան պե­տա­կան ման­կա­վար­ժա­կան հա­մալ­սա­րա­նի ման­կա­վար­ժու­թեան եւ հո­գե­բա­նու­թեան բա­ժան­մուն­քը։ 2015-էն կը հա­մա­կար­գէ ու կը վա­րէ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն Ո­ւի­քի­փե­տիա ծրա­գի­րը։

__________________________________________________________________________

Ե՞րբ յա­ռաջ ե­կաւ ա­րեւմ­տա­հե­րէ­նի մուծ­ման գա­ղա­փա­րը Ու­քի­փե­տիայի հար­թա­կին վրայ։ Ո­րո՞նք էին այս միտ­քի հե­ղի­նակ­նե­րը։

Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն Ո­ւի­քի­փե­տիա ստեղ­ծե­լու եւ զար­գաց­նե­լու գա­ղա­փա­րը «Ո­ւի­քի­մե­տիա ­Հա­յաս­տան» գի­տակր­թա­կան հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան ան­դամ­նե­րուն մտայ­ղա­ցումն էր։ 2014-ին «Ո­ւի­քի­մե­տիա ­Հա­յաս­տան» կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը սկսաւ աշ­խա­տանք­ներ տա­նիլ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նով հան­րա­գի­տա­րա­նա­յի յօ­դո­ւած­ներ ստեղ­ծե­լու ուղ­ղու­թեամբ, իսկ 2015-ի ­Յու­նո­ւա­րին, «Ո­ւի­քի­մե­տիա ­Հա­յաս­տան» գի­տակր­թա­կան հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան եւ «­Գա­լուստ ­Կիւլ­պէն­կեան» հիմ­նար­կու­թեան գոր­ծակ­ցու­թեամբ ու նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ, նպա­տակ դրո­ւե­ցաւ Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն Ո­ւի­քի­փե­տիա­յի ա­ռան­ձին լե­զո­ւա­կան կար­գա­նիշ ստա­նա­լը։

Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն Ո­ւի­քի­փե­տիա­յի զար­գաց­ման եւ բո­վան­դա­կու­թեան ընդ­լայն­ման հա­մար` մօ­տա­ւո­րա­պէս 4 տա­րի շա­րու­նակ մշա­կո­ւե­ցան ծրա­գիր­ներ, մի­ջո­ցա­ռում­ներ եւ այդ տար­բեր ձեռ­նարկ­նե­րուն եւ գոր­ծու­նէու­թիւն­նե­րուն մի­ջո­ցով տա­րա­ծուե­ցաւ գա­ղա­փա­րը։

Այդ ամ­բողջ աշ­խա­տան­քը ի մտի ու­նէր ա­ջակ­ցիլ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն բո­վան­դա­կու­թիւն ու­նե­ցող նիւ­թե­րուն ստեղծ­ման, ա­ջակ­ցու­թեամբ՝ ­Հա­յաս­տա­նի եւ սփիւռ­քա­հայ հա­մայնք­նե­րու ա­րեւմ­տա­հայ ան­դամ­նե­րուն։

2019-ի սկիզ­բը ստեղ­ծո­ւե­ցաւ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի հա­մար ա­ռան­ձին՝ hyw կար­գա­նի­շը՝ տրա­մադ­րո­ւած «SIL International»ի կող­մէ, որ ISO 639-3ը գրան­ցող մար­մինն է։

Իսկ նոյն թո­ւա­կա­նի Ապ­րիլ 1-ին Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն Ո­ւի­քի­փե­տիան ու­նե­ցաւ հա­մա­ցան­ցի վրայ իր ա­ռան­ձին հար­թա­կը։

Ար­դեօ՞ք գո­յու­թիւն ու­նի ո­րե­ւէ կա­պակ­ցու­թիւն այս աշ­խա­տան­քի զար­գաց­ման ու հարստաց­ման գոր­ծին եւ կրթա­կան ծրա­գիր­նե­րու մի­ջեւ։

Ա­յո, ա­ռըն­չու­թիւ­նը տե­սա­նե­լի է այն ա­ռու­մով, որ եր­կու կող­մերն ալ փոխ­կա­պակ­ցո­ւած են ի­րա­րու իբ­րեւ տե­ղե­կու­թիւնն ու գի­տե­լի­քը փո­խան­ցե­լու գոր­ծա­ռոյթ, կրթա­կան ծրա­գի­րը՝ դա­սա­կան ձե­ւե­րով, իսկ Ո­ւի­քի­փե­տիան՝ ա­մե­նա­ժա­մա­նա­կա­կից ձե­ւե­րով։

Ս­խալ պի­տի ըլ­լայ, 21-րդ ­դա­րուն, ու­սու­ցու­մը գոր­ծէ այն­պէս ինչ­պէս կը գոր­ծէր 20րդ ­դա­րու վեր­ջին քա­նի մը տաս­նա­մեակ­նե­րուն։

Այս­տեղ նշեմ, որ հար­թա­կին ստեղծ­ման հիմ­նա­կան նպա­տակ­նե­րէն մէ­կը այն է, որ Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն Ո­ւի­քի­փե­տիան, գի­տե­լի­քի ա­զատ հան­րա­գի­տա­րան ըլ­լա­լու կող­քին, նաեւ կա­րե­ւոր դեր ու ներդ­րում ու­նե­նայ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի առ­ցանց զար­գաց­ման ուղ­ղու­թեամբ։ Ինչ­պէս նաեւ, հա­մա­ցան­ցը հարս­տաց­նէ մաս­նա­գի­տա­կան նոր բա­ռե­րով ու եզ­րե­րով։

Որ­քա՞ն կա­րե­ւո­րու­թիւն ու­նի նման դժո­ւար եւ եր­կար ժա­մա­նակ պա­հան­ջող աշ­խա­տանք մը, մա­նա­ւանդ երբ նկա­տի ու­նե­նանք, թէ ա­րեւմ­տա­հա­յը ար­դէն դիւ­րաւ կ­՚ըն­կա­լէ ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նը։

­Պէտք է խոս­տո­վա­նիլ, բայց չմե­ղադրել ա­րեւմ­տա­հա­յը՝ դիւ­րաւ ա­րեւ­լա­հա­յե­րէ­նի ըն­կալ­ման մէջ. ան տաս­նեակ տա­րի­ներ պայ­քա­րած է, օ­տար մի­ջա­վայ­րե­րու մէջ, իբ­րեւ հայ իր ինք­նու­թիւ­նը պա­հե­լու եւ գո­յա­տե­ւե­լու հա­մար. միեւ­նո՛յն ժա­մա­նակ դառ­նա­լու տո­ւեալ երկ­րին հա­ւա­տա­րիմ քա­ղա­քա­ցին։

­Լե­զո­ւին կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը մեծ է մայ­րե­նին սի­րող­նե­րուն հա­մար. մեծ է եւ կա­րե­ւոր առ­ցանց ձեռ­նարկ­նե­րու առ­կա­յու­թիւ­նը լե­զուն օգ­տա­գոր­ծե­լու եւ կեն­դա­նի պա­հե­լու հա­մար, Ո­ւի­քի­փե­տիան ըլ­լա­լով առ­ցանց ձեռ­նարկ՝ հնա­րա­ւո­րու­թիւն է, որ մեր լե­զուն ու­նե­նայ նաեւ լրագ­րու­թե­նէ ու գրա­կա­նու­թե­նէ բա­ցի այլ ի­մաստ։

­Հա­ճե­լի, օգ­տա­կար, նպաս­տող եւ եր­կար ժա­մա­նակ պա­հան­ջող աշ­խա­տանք է, սա­կայն Ո­ւի­քի­փե­տիա­յի խմբագր­ման գոր­ծիք­նե­րուն ծա­նօթ ոե­ւէ ան­հատ իր ա­զատ ժա­մե­րուն կրնայ մտնել տա­րածք ու սկսիլ խմբագ­րա­կան աշ­խա­տան­քի՝ նոր յօ­դո­ւած ստեղ­ծե­լու կամ ար­դէն իսկ խմբագ­րո­ւած յօ­դո­ւա­ծը բա­րե­լա­ւե­լու հա­մար։

Որ­քա՞ն է ձեր գոր­ծու­նեայ աշ­խա­տա­կից­նե­րու թի­ւը եւ ինչ­պէ՞ս կ­՚ար­ժե­ւո­րէք մին­չեւ այ­սօր զե­տե­ղո­ւած յօ­դո­ւած­նե­րու ո­րա­կը եւ քա­նա­կը։

Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն Ո­ւի­քի­փե­տիա­յի խմբա­գիր­նե­րը Ս­փիւռ­քէն եւ ­Հա­յաս­տա­նէն տար­բեր մար­դիկ են, նշենք որ կա­մա­ւոր­ներ են, ո­րոնք կը սի­րեն ի­րենց լե­զուն ու կ­՚աշ­խա­տին, որ ան շա­րու­նա­կէ կեն­դա­նի մնալ մեր մէջ։

­Մեր խմբա­գիր­նե­րուն մէջ կան հայ­կա­կան դպրոց­նե­րու ա­շա­կերտ­ներ, տնօ­րէն­ներ, ու­սու­ցիչ­ներ, ա­զատ ան­հատ­ներ, ո­րոնք ա­ռան­ձին կամ միա­սին ի­րենց նա­խաընտ­րած նիւ­թե­րով կը գրեն ու կը հրա­պա­րա­կեն յօ­դո­ւած­ներ։ Իսկ գոր­ծու­նեայ խմբա­գիր­նե­րուն թի­ւը կը տա­րու­բե­րի 15-20-ի մի­ջեւ։ ­Բո­լոր խմբա­գիր­նե­րը քա­ջա­տե­ղեակ են, որ այս կա­մա­ւո­րու­թիւ­նը մե­զի կու տայ թէ՛ շահ, եւ թէ օ­գուտ։ ­Քա­նի որ Ո­ւի­քի­փե­տիան ա­զատ ու բաց հան­րա­գի­տա­րան է, այն­տեղ հրա­պա­րա­կո­ւած նիւ­թե­րուն ո­րա­կին հա­մար պա­տաս­խա­նա­տու են բո­լոր խմբա­գիր­նե­րը։ Իսկ մեր խմբա­գիր­նե­րուն մէջ կան ա­րեւմտա­հա­յե­րէ­նի մաս­նա­գէտ­ներ, հա­յա­գի­տա­կան տար­բեր հիմ­նարկ­նե­րու շրջա­նա­ւարտ­ներ, լրագ­րող­ներ, յօ­դո­ւա­ծա­գիր­ներ ու թեր­թե­րու աշ­խա­տա­կից­ներ, ո­րոնք միշտ ա­զատ են մտնե­լու ո­րե­ւէ յօ­դո­ւա­ծի տա­րածք ու խմբագ­րե­լու զայն։ Իսկ յօ­դո­ւած­նե­րու քա­նա­կը հետզ­հե­տէ ընդ­լայ­նո­ւող ցու­ցակ է։

Ո­րո՞նք են կա­րե­ւո­րա­գոյն դժուա­րու­թիւն­նե­րը, որ յա­ռաջ ե­կած են տո­ւեալ­նե­րու գործ­նա­կան տե­ղադ­րու­մի ու զա­նոնք կար­գի դնե­լու աշ­խա­տան­քէն Ու­քի­փե­տիա հար­թա­կին վրայ։

­Հիմ­նա­կան դժո­ւա­րու­թիւ­նը ե­ղած է աղ­բիւր­նե­րու ա­պա­հո­վու­մը։ ­Տո­ւեալ­նե­րը ամ­բող­ջա­կան ձե­ւով լրաց­նե­լու հա­մար, պէտք է ու­նե­նալ քա­նի մը վստա­հե­լի աղ­բիւր­ներ, ա­պա զա­նոնք հա­մադ­րե­լով, տե­ղադ­րել Ո­ւի­քի­փե­տիա­յի հար­թա­կին վրայ։

Ընդ­հան­րա­պէս օգ­տո­ւած ենք առ­ցանց աղ­բիւր­նե­րէ, սա­կայն միշտ ալ կա­րի­քը կայ գիր­քե­րու հայ­թայթ­ման ու ա­պա­հով­ման:

­Մին­չեւ այ­սօր ձեր ու­նե­ցած կա­պե­րով եւ փոր­ձա­ռու­թեամբ ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն հետ այս գոր­ծին առն­չու­թեամբ, կրնա՞ք մե­զի բա­ցատ­րել, թէ այ­սօր ի՞նչ մա­կար­դա­կի վրայ կը գտնո­ւի հա­յե­րէն լե­զուն Ա­փիւռ­քի մէջ։

Էու­թեամբ կը նա­խընտ­րեմ տես­նել գա­ւա­թին լե­ցուն կող­մը, ո­րով­հե­տեւ մեր հիմ­նա­կան ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը՝ այդ մեր ու­նե­ցած լե­ցու­նը պա­հե­լուն մէջ է, միւ­սը՝ ար­դէն չկայ, ո­չինչ է։

­Հա­մա­տա­րած ար­տա­յայ­տու­թիւն է, որ նոր սե­րուն­դը չի սի­րեր իր սե­փա­կան լե­զուն։ Ո­րե­ւէ բան սի­րե­լու հա­մար պէտք է հասկ­նալ եւ ըմբռնել զայն։ ­Մեր ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը պէտք է գոր­ծէ լե­զուն ա­ւե­լի հասկ­նա­լի եւ ըմբռ­նե­լի մա­տու­ցա­նե­լու ուղ­ղու­թեամբ։

Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը Ս­փիւռ­քի տա­րած­քին, ա­յո, պայ­քա­րի մէջ է։ ­Նոր սե­րուն­դը, ո՛չ թէ չի սի­րեր հա­յե­րէ­նը, այլ՝ կը դժո­ւա­րա­նայ զայն ըմբռ­նե­լու, հե­տե­ւա­բար՝ բա­նա­ւոր եւ յատ­կա­պէս գրա­ւոր լե­զուն, վե­րար­տադ­րե­լու։ Ա­ռա­ջի­նը ծնող­նե­րուն, մաս­նա­ւո­րա­պէս մայ­րե­րուն, ա­պա յա­ջոր­դող օ­ղա­կին՝ ու­սու­ցիչ­նե­րուն, ջան­քերն ու ա­ջակ­ցու­թիւ­նը անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն է այս բո­լո­րը կան­խե­լու հա­մար։

Ո­ւի­քի ճամ­բար­նե­րուն եւ դա­սըն­թացք­նե­րուն մաս­նա­կից­նե­րը, ո­րոնք կը մաս­նակ­ցէին ­Պո­լի­սէն, ­Լի­բա­նա­նէն, Ֆ­րան­սա­յէն, ­Հա­յաս­տա­նէն, Ա­մե­րի­կա­յէն եւ ­Յու­նաս­տա­նէն, եւ ո­րոնց տա­րի­քը կը տա­րու­բե­րէր 16-25-ի մի­ջեւ, ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը պի­տի չբե­րէին ե­թէ մայ­րե­նիի նկատ­մամբ սէր եւ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւն չզգա­յին։ Ա­նոնց մէջ կա­յին տա­ղան­դա­ւոր եւ գրե­լու մար­մա­ջը ու­նե­ցող­ներ, ո­րոնք այ­սօր ա­ռա­ջին քայ­լե­րը կ­՛առ­նեն դէ­պի գրա­կան աշ­խարհ։

«UNESCO»-ն­ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը դա­սած է վտան­գի եւ կո­րուս­տի տակ գտնո­ւող լե­զու­նե­րու ցան­կին մէջ։ ­Մենք Ս­փիւռ­քի մէջ ար­դէն կը զգանք այս վտան­գը։ Կր­նա՞ք մեզ բա­ցատ­րել ե­թէ մին­չեւ այ­սօր գո­յու­թիւն ու­նին նշա­նա­կա­լից նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներ մեր լե­զո­ւի դի­մագ­րա­ւած վտանգ­նե­րը շրջե­լու հա­մար։

­Տա­րի­ներ ա­ռաջ UNESCO-ն ա­րեւմտա­հա­յե­րէ­նը ճանչ­ցաւ իբ­րեւ վտան­գո­ւած լե­զու, սա­կայն այդ պէտք չէ յու­զէ մեզ­մէ ոչ մէ­կը։

Այ­սօր այն­քան շատ են ար­դի ար­հես­տա­գի­տու­թեան ըն­ձե­ռած հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը, որ հա­յե­րէն լե­զո­ւի եւ հա­յա­գի­տու­թեան հետ ա­ռըն­չո­ւող բազ­մա­թիւ ծրա­գիր­ներ մշա­կո­ւած են ու կը մշա­կո­ւին, ո­րոնք կա­րե­լի է ի­րա­կա­նաց­նել ժա­մա­նա­կա­կից ար­հես­տա­գի­տու­թեան մի­ջոց­նե­րու օգ­տա­գործ­մամբ։

Առ­ցանց ծրա­գիր­նե­րու շար­քին կը դա­սո­ւի նաեւ Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն Ո­ւի­քի­փե­տիան, որ կրնայ կա­րե­ւոր խթան հան­դի­սա­նալ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի գոր­ծա­ծու­թեան հա­մար՝ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը օգ­տա­գոր­ծե­լով իբ­րեւ գրա­ւոր լե­զու։

 

Նախորդը

Ամերիկա, Ամերիկա

Յաջորդը

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութիւն. Հաղորդագրութիւն . (Ուղղուած` Քաղաքացիներուն Եւ Ելեկտրածին Շարժակներու Սեփականատէրերուն, 2020 Մարտի 5 Ամփերի Ելեկտրականութեան Վճարումին Վերաբերեալ)

RelatedPosts

Հոգեկան Սլացք Եւ Աննկարագրելի Ապրում Է Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի Սրբադասումը». Մաշտոց Թ. Ծ. Վրդ. Զահթէրեան
Հարցազրոյց

Հոգեկան Սլացք Եւ Աննկարագրելի Ապրում Է Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի Սրբադասումը». Մաշտոց Թ. Ծ. Վրդ. Զահթէրեան

Հոկտեմբեր 15, 2025
Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբ.  «Մարդը Աթլանթիսէն» Թատերախաղին Մասին Հեղինակ Վաչէ Ատրունիի Եւ Բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի Հետ Յատուկ Հարցազրոյց
Հարցազրոյց

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբ. «Մարդը Աթլանթիսէն» Թատերախաղին Մասին Հեղինակ Վաչէ Ատրունիի Եւ Բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի Հետ Յատուկ Հարցազրոյց

Հոկտեմբեր 6, 2025
Զրոյց` Իրաքահայ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Կարապետ Գալուստեանի Հետ
Հարցազրոյց

Զրոյց` Իրաքահայ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Կարապետ Գալուստեանի Հետ

Սեպտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?