Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Անկախութեան Տօնը Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարանին Մէջ

November 29, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Աւանդաբար Լիբանանի անկախութեան տօնը իւրայատուկ իմաստ ու թելադրականութիւն կը զգենու հայ վարժարանին համար, որովհետեւ հայ աշակերտութիւնը իր մասնակցութիւնը բերելով այս առիթով կազմակերպուած դպրոցական ձեռնարկին, խորքին մէջ իր քաղաքացիական գիտակցութիւնն ու երախտագիտական զգացումն է, որ կ՛ուզէ յայտնել հիւրընկալ Լիբանանի ու անոր ժողովուրդին:

Այս առումով, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի աշակերտներն ու ուսուցչական կազմը, ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս իրենց յատուկ եղանակով տօնակատարեցին Լիբանանի անկախութեան տօնը, որ տեղի ունեցաւ  երեքշաբթի, 20 նոյեմբեր 2012¬ին, վարժարանի «Յիշատակի» սրահին մէջ:

Օրուան հանդիսութիւնը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութեամբ:

Գեղարուեստական յայտագիրով հանդէս եկան, առաջին հերթին, 11¬րդ դասարանի աշակերտներ Սարին Էքմեքճեան եւ Անդրանիկ Կիւլվարդեան մատուցին օրուան խորհուրդը փոխանցող բանաստեղծութիւն  մը (արաբերէն), ապա ցուցադրուեցաւ վարժարանի ուսուցիչ Փասքալ Ֆրզլիի կողմէ պատրաստուած վաւերագրական ժապաւէն մը` Լիբանանի զինուորին ու անոր պաշտպանական առաքելութեան մասին, որ պատրաստուած էր:

Իր կարգին, 8¬րդ դասարանի աշակերտուհի Ծաւի Պիլալեան դաշնամուրի վրայ նուագեց երաժշտական կտոր մը, որուն յաջորդեց 10¬րդ դասարանի աշակերտութեան մատուցումը երկու երգերու` Ժուլիա Պութրոսի «Ես ազատութիւն կը շնչեմ» եւ Ասի Հըլլանիի «Լիբանանցին» երգերը, որոնք խանդավառութիւն ստեղծեցին սրահին մէջ:

Ի պատիւ օրուան հիւր պատգամախօս երեսփոխան Ալի Օսէյրանի, 11¬րդ դասարանի աշակերտները, իրենց արաբերէնի ուսուցչուհիին` Ռոզեթ Հատտատի օժանդակութեամբ  պատրաստած էին լսատեսողական ներկայացում մը, որուն ճամբով ամփոփ գիծերու մէջ ընդգծեցին Ա. Օսէյրանի հօր` երբեմնի լիբանանեան խորհրդարանի նախագահ Աատէլ Օսէյրանի կեանքն ու գործունէութիւնը: Նախաձեռնութիւն մը, որ մեծապէս գնահատուեցաւ բանախօսին կողմէ:

Յատուկ այս առիթին համար հրաւիրուած երեսփոխան Ալի Օսյէրան իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնելով ընծայուած այս պատեհութեան համար, պատմական ակնարկով մը վեր առաւ անկախութեան սերունդի ներկայացուցիչներուն կատարած արարքը, անոնց կողքին` համաժողովրդային պոռթկումի եւ կեցուածքի կարեւորութիւնը, եւ շեշտը դնելով անկախութեան գաղափարին ու անոր պահպանումի անհրաժեշտութեան վրայ, նորահաս սերունդը հրաւիրեց ըլլալու պահանջատէր ու գիտակից իր նախնեանց կտակին:

Ան նաեւ գնահատեց ու մեծապէս արժեւորեց լիբանանահայութեան ունեցած եզակի դերակատարութիւնը` Լիբանանի վերաշինութեան, քաղաքական կեանքի հունաւորման եւ առհասարակ քաղաքացիական պարտաւորութիւններուն խոր գիտակցութեան:

Հանդիսութեան աւարտին, վարժարանին տնօրէնը` Մարալ Տէյիրմենճեան իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց օրուան բանախօսին, որ իր ներկայութեամբ եւ պատգամով պատուած էր հայ վարժարանը` այս առիթով անոր յանձնելով յուշանուէր մը, Մ. Տէյիրմենճեան նաեւ շնորհաւորեց ի մասնաւորի ձեռնարկին մասնակից բոլոր աշակերտներն ու անկախութեան տօնը ընդհանրապէս:

 

                                                                            ԹՂԹԱԿԻՑ

 

    

Նախորդը

Լիբանանի Անկախութեան Նուիրուած Եզակի Տօնակատարութիւն

Յաջորդը

Լիբանանի Անկախութեան Տօնակատարութիւնը Հարպոյեան Վարժարանին Մէջ

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.