Գաղութային

Երգիչ Նշան Ջաղացպանեանին Ելոյթը Ազունիէի Հայ Բուժարանին Մէջ

Երեքշաբթի, 6 նոյեմբեր, Հայ ազգային բուժարանի տնօրէնութեան եւ հոգաբարձութեան հրաւէրով Ազունիէ այցելեց վաստակաշատ երգիչ Նշան Ջաղացպանեանը: Երգիչը եւ ձայնի պատասխանատու Գէորգ Պաղտասարեանը դիմաւորեցին տնօրէն Տիգրան Պոյաճեան եւ բժշկուհի Նարինէ Խաչիկեան: «Զոհրապ Թորիկեան» սրահը, ուր պիտի կայանար համերգը, տօնական տեսք ունէր: Այդ տօնականութիւնը պայմանաւորուած էր շուրջ 70 հիւանդներու ու պատսպարեալներու, ինչպէս նաեւ` հիւանդանոցի անձնակազմին ներկայութեամբ, որոնք անհամբեր էին առնչուելու սիրուած երգիչին...

ԼՕԽ-ի Հայաշէն Մասնաճիւղի 75-ամեակ

ԼՕԽ-ի Հայաշէն մասնաճիւղի հիմնադրութեան 75-ամեակի տօնակատարութեան ծիրին մէջ, երկրորդ ձեռնարկը տեղի ունեցաւ 15 նոյեմբեր 2012-ին, Հայաշէնի Սուրբ Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ սրահին մէջ, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութենէն միութեանս մօտ ներկայացուցիչ Սիւզան Օհանեանի, կազմակերպչական յանձնախումբէն Զարուհի Գալեմքերեան, օրուան դասախօս տոքթ. Սիրուն Վարդապետեանի, հրաւիրեալներու, որոնց կարգին` վարչականներու, որոնք ծառայած են միութեան վերելքին համար: Բացման խօսքը արտասանեց ԼՕԽ-ի Հայաշէն մասնաճիւղի ատենապետ Շաքէ Պաղտասարեան, որ...

ԼՕԽ-ի «Աշխէն» Մասնաճիւղի Աշնանային Հանդիպումը

Ս. Պ. Դասախօսուհին` Մարլէն Տանակէօզեան Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութիւնը եւ մասնաճիւղեր վերամուտը սկսած են նոր եռանդով, իւրաքանչիւրը` աշխատանքային իր ծրագրով նոր իրագործումներ կատարելու: 8 նոյեմբեր 2012-ին, ԼՕԽ-ի «Աշխէն» մասնաճիւղի վարչութիւնը հրաւիրած էր իր անդամուհիները եւ բարեկամուհիները` միասնաբար ուրախանալու աշնանային հանդիպումով, ՀՅԴ «Սարդարապատ» ժողովրդային տան «Աբրահամ Աշճեան» սրահին մէջ: Օրուան հանդիպումը ճաշի հիւրասիրութիւն էր` նուագի ու երգի մթնոլորտին մէջ, Գէորգ...

Ազգ. Լեւոն Եւ Սոֆիա Յակոբեան Քոլեճի Կազմակերպութեամբ Բնապահպանման Շաբաթ` «Զերօ Աղբ» Նշանաբանով

Յաջորդաբար երրորդ տարին ըլլալով` Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճը նոյեմբեր ամսուան առաջին շաբաթը հռչակեց բնապահպանման շաբաթ եւ այս առիթով կատարեց շարք մը նախաձեռնութիւններ` գործակցութեամբ YMCA-ի (Youth Men's Christian Association), կենսոլորտի հարցերու ուսումնասիրութեան MECTAT կեդրոնին, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի առողջապահական բաժանմունքին եւ Լիբանանի կենսոլորտի նախարարութեան: Նախաձեռնութեան իրենց աջակցութիւնը բերին Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը եւ «Էքզոթիքա» հաստատութիւնը: Բնապահպանման շաբթուան նախաձեռնութիւնը ընդգրկեց դասախօսական հանդիպումներ,...

«Հովուական Առաքելութիւնը Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանին Մէջ» Նիւթով Միօրեայ Իւրայատուկ Սեմինար

«Հովուական առաքելութիւնը Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին մէջ» նիւթով, հինգշաբթի, 1 նոյեմբեր 2012-ին, Զմմառու Վերափոխման վանքին կից գտնուող կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հոգեւոր սեմինար` մասնակցութեամբ երկրորդական դասարաններէն խումբ մը աշակերտներու, ինչպէս նաեւ` Մեսրոպեան վարժարանի հոգեւոր խումբի ներկայացուցիչ Սեպուհ վրդ. Կարապետեանի, արտադասարանային աշխատանքներու պատասխանատու Րաֆֆի Տեմիրճեանի եւ Ռաֆայէլ սրկ. Ժաուհարժիի: Առաւօտեան ժամը 9:30-ին սեմինարին բացման խօսքը աշակերտական խորհուրդին անունով արտասանեց Ռիթա...

Լուրեր Դպրեվանքէն. Դպրեվանեցիներ Անթիլիասի Մայրավանքի «Կիլիկիա» Թանգարանը Այցելեցին

Կիրակի, 4 նոյեմբեր 2012, սուրբ եւ անմահ պատարագի աւարտին, դպրեվանքի սաներ այցելեցին Անթիլիասի կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանը, ուր անգին գանձեր մեր դարաւոր պատմութեան եւ մշակոյթին պատգամաբերը եղան: Թանգարանի փոխտեսուչ Պարոյր աբղ. Շէրնէզեանի առաջնորդութեամբ, սաներ գտնուեցան թանգարանի երեք յարկերը: Դպրեվանեցիներ մեծ հետաքրքրութեամբ յատկապէս ունկնդրեցին պատմական սուրբ միւռոնի կաթսային Սիսէն Հալէպ եւ ապա Անթիլիաս փոխադրութեան պատմութիւնը: Այս այցելութիւնը նաեւ առիթ մը եղաւ, որ...

Թարգմանչաց Տօնը Սրբոց Հռիփսիմեանց Բարձրագոյն Վարժարանին Մէջ

Սրբոց Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանի տնօրէնութիւնը, կարեւոր նկատելով հայեցի դաստիարակութեան ազգային ու մշակութային ինքնութեան կենսական ըլլալու գրաւականը, եւ  որպէսզի դպրոցական տարեշրջանը սլանայ հայադրոշմ երթուղիով, Թարգմանչաց տօնակատարութիւնը իր արժանավայել տարողութեամբ նշեց: Երեքշաբթի, 30 հոկտեմբեր Սրբոց Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանի սրահին մէջ նախակրթարանի եւ միջնակարգի աշակերտներու կողմէ պատրաստուած գեղարուեստական յայտագրով Թարգմանչաց տօնը իւրայատուկ կերպով նշուեցաւ` ներկայութեամբ  աշակերտներու եւ ծնողներու հոծ բազմութեան: Յայտագրին սկիզբը նախակրթարանի...

Լուրեր Նիւ Եորքէն. Սան Ֆրանսիսքոյի «Արաքս» Պարախումբը Իր Եզակի Յայտագրով Հմայեց Նիւեորքահայութիւնը

ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ Մեծագոյն Նիւ Եորքի մեր համայնքը թէեւ ունի իր չորս պարախումբերը, որոնք տարիներէ ի վեր կը հրամցնեն հայկական պարարուեստի լաւագոյն արտայայտութիւնները` յաճախ մրցելով իրարու հետ, կը բերեն որակ մը մեր մշակոյթի այդ բնագաւառէն ներս:  Կը հաւատանք Ամերիկայի որդեգրած մրցակցութեան ոգիին, որովհետեւ, մեր պարագային նոյնպէս, ի վերջոյ պիտի շահի մեր մշակոյթը:  Այս մէկը իր ազնուագոյն իմաստով կը գրենք, անկասկած. եթէ...

ՀՕՄ-ի Ատենապետին Այցելութիւնը Լոնտոն Եւ ՀՕՄ-ի Բրիտանիոյ Մասնաճիւղի 30-ամեակ

14 հոկտեմբեր, 2012-ին, Լոնտոնի «Նաւասարդեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի Մեծն Բրիտանիոյ մասնաճիւղի 30-ամեակի տօնակատարութիւնը` մասնակցութեամբ 12 հոկտեմբերին Լոնտոն ժամանած Հայ օգնութեան միութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վիգի Մարաշլեանի եւ շարք մը հրաւիրեալներու, որոնց կարգին` ՀՅԴ կոմիտէի ներկայացուցիչ Ժորժ Յովհաննէսեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան խորհրդական Ա. Մարգարեան, որոնք իրենց շնորհաւորական խօսքն ու բարեմաղթութիւնները ուղղեցին միութեան 30-ամեայ մասնաճիւղի վարչական կազմին ու ներկայ...

Հազար Հոգի Իրենց Մասնակցութեամբ Նեցուկ Կանգնեցան Հայ Դատի Տարեկան Ձեռնարկին

Կիրակի, հոկտեմբեր 28-ին, «Պեւըրլի Հիլթըն» պանդոկին մեծ սրահը լեցուն էր Հայ դատի հազար համակիրներով, որոնք եկած էին մասնակցելու Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի տարեկան ձեռնարկին եւ միասնաբար տօնելու յանձնախումբին նախորդ տարեշրջանի իրագործումները ու մեծարելու Հայ դատի պայքարին մէջ իրենց յատկանշական ներդրումը բերած անձնաւորութիւններ: Ձեռնարկը կազմակերպած յանձնախումբը, համաատենապետութեամբ Արշօ Պէյլերեանի ու Սիւզի Ծերունեան-Խանզադեանի, ժրաջան աշխատանք տարած էր յաջողութեամբ պսակելու համար զայն:...

ՀՄԸՄ-ի Շրջանային Վարչութեան Աշխատանքներէն

Խմբապետական Զարգացման Մրցում ՀՄԸՄ Լիբանանի Շրջանային խմբապետութիւնը, 2012-ի իր տարեկան ծրագիրին մէջ, տեղ տուած էր նաեւ խմբապետական մակարդակի վրայ յայտագիրներու: Այդ յայտագիրներուն կարգին էր միջխմբապետական զարգացման մրցում մը, որուն նպատակն էր քաջալերել խմբապետները` զարգացնելու այլազան բնագաւառներու մէջ իրենց գիտելիքները, ինչպէս նաեւ` մրցակցութեան առողջ մթնոլորտ մը տարածելու համար մասնաճիւղերուն միջեւ: Խմբապետական զարգացման մրցումը տեղի ունեցաւ կիրակի, 28 հոկտեմբերին: Անոր մասնակցեցան` Անթիլիասի,...

Ռուբէն Հախվերդեան. «Մենք Կը Պարծենանք, Որ Հայրենիքէն Դուրս Ունինք Աւելի Ամուր Յենարաններ, Որոնք Են Այս Վարժարանն Ու Այնճար Հայաւանը»

Չորեքշաբթի, 24 յունիս 2012-ի յետմիջօրէի ժամը 2:00-ին, Ռուբէն Հախվերդեան եւ իր երկանդամ նուագախումբը այցելեցին Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» քոլեճ. քոլեճի մուտքին անոնք դիմաւորուեցան միջնակարգի ու երկրորդականի աշակերտութեան, ուսուցչակազմին եւ տնօրէնութեան կողմէ ծաղկեփունջով եւ ջերմ ծափողջոյններով: Այնուհետեւ, «Մուսա Լեռ» սրահին մէջ, քոլեճի տնօրէն Արմէն Թաշճեան բարի գալուստ մաղթելով Ռուբէն Հախվերդեանին, ներկայացուց զայն իբրեւ բոլոր ժամանակներուն մէջ այլախոհ, սակայն իրապաշտ ու անկեղծ արուեստագէտ,...

Լիբանանի Թեմի Կիրակնօրեայ Վարժարաններու Ուսուցիչները Ռմէյլի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Մէջ

Հայ առաքելական եկեղեցիներու կիրակնօրեայ վարժարաններու տեսուչներ եւ ուսուցիչներ 12, 13, 14 հոկտեմբերին ունեցան իրենց եռօրեայ համագումարը: Կիրակի, 14 հոկտեմբերին ներկայ գտնուեցան Ռմէյլի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ հոգեպարար պատարագին: Անոնք հաղորդուեցան եւ իրենց ուխտը վերանորոգեցին Աստուծոյ առջեւ ծառայելու Հայ եկեղեցիին, կիրակնօրեայ դպրոցներու ուղիով, հայ աշակերտին ուսուցանել Աստուածային հաւատք, Աւետարանի ուսուցում, աղօթք, սաղմոս եւ հոգեզմայլ շարականներով լիցքաւորել անոնց հոգիներն ու սրտերը: Օրուան պատարագիչն...

Ազգային Աբգարեան Վարժարանին Մեսրոպաբոյր Օրը

Վերամուտին զուգադիպող Թարգմանչաց տօնը կրկնակիօրէն կ՛իմաստաւորէ հայ դպրոցին գոյութիւնն ու խորհուրդը: Ան մեր ակունքներուն կը կապէ հայ աշակերտը, որ իր հաւատարմութեան ուխտը կարծես կը վերանորոգէ նոր տարեշրջանին առթիւ: Ազգային Աբգարեան վարժարանի վերամուտի այլազան աշխատանքներուն առընթեր, հետզհետէ ձեւաւորուեցաւ վերամուտի ամիսը առաւել հետաքրքրական դարձնելու ծրագիրը` կազմակերպելով Թարգմանչաց համապարփակ տօնակատարութիւն մը, ընթացիկէն տարբեր: Շեշտը պիտի դրուէր այբուբենին վրայ, որմէ ծաղկած էր մեր գրականութիւնն...

ՀՄԸՄ-Ի Անթիլիասի Մասնաճիւղի 2012-2013 Տարեշրջանի Բացման Հանդիսութիւն

Հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի վարչութեան ու կազմակերպութեամբ սկաուտական խորհուրդին եւ խմբապետական կազմին, կիրակի, 21 հոկտեմբեր 2012-ին տեղի ունեցաւ սկաուտական 2012-2013 տարեշրջանի բացման հանդիսութիւն: Առաջնորդութեամբ ՀՄԸՄ Լիբանանի շեփորախումբին, 200 տարազաւորներ տողանցեցին Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանէն դէպի «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիր, ուր բացօթեայ դաշտին մէջ տեղի ունեցաւ դրօշակի պաշտօնական արարողութիւն: Հրաւիրեալներու շարքին էին  Պսալիմ- Մզհեր-Մաժզուպ շրջաններու քաղաքապետ Ժորժ Մզհեր եւ փոխ-քաղաքապետ...

Բարձրացէ՛ք Եւ Բարձրացուցէ՛ք

Կիրակի, 21 հոկտեմբեր 2012, կէսօրէն ետք: Արտասովոր եռուզեռ մը կը տիրէ Մզհերի մէջ: Շատ մեծ թիւով ինքնաշարժներ շարուած են «Աղբալեան» ակումբին շուրջ, եւ բանակ մը տարազաւորներ համախմբուած են Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի կառատունը: Առիթը` բոլորը անհամբեր կը սպասեն ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի սկաուտական վերամուտը: Տողանցքը սկսաւ եւ մեծաթիւ խումբերը, փողերախումբին թմբուկներուն եւ եղանակներուն հետեւելով, յառաջացան Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանէն...

Սէրուժ Պաղտասարեանի Մասնակցութիւնը` «Իմ Սրտի Մայրաքաղաք»-ի Տօնակատարութեան

«Էրեբունի-Երեւանի 2794»-ամեակի հանդիսութիւնները այս տարի տեղի ունեցան մեծ շուքով եւ բազմաբնոյթ ձեռնարկներով: Արդարեւ, 14 հոկտեմբերի առաւօտեան կանուխ ժամերէն մինչեւ երեկոյեան ուշ ժամեր Երեւանի փողոցները կը խայտային տարբեր տեսակի մշակութային հանդիսութիւններով, որոնք կը կրէին «Իմ սրտի մայրաքաղաք» խորագիրը: Ամբողջ հայութեան սրտին տրոփող երակը հանդիսացող Երեւանի նուիրուած այս նախաձեռնութիւններուն, ի շարս բազմաթիւ արուեստագէտներու եւ մշակութային գործիչներու, իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ լիբանանահայ երիտասարդ...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց «Ապրելու Իրաւունքը» Միութեան Ներկայացուցիչները

Հինգշաբթի, 25 հոկտեմբեր 2012-ի առաւօտուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց «Ապրելու իրաւունքը» նոր միութեան ներկայացուցիչները: Միութեան նպատակն է զանազան միջոցներով ու ծրագիրներու մշակումով շեշտել կեանքի կարեւորութիւնը` մերժելով կեանքին սպառնացող ամէն տեսակի երեւոյթները: Միութեան պատասխանատուները հոգեւոր պետերուն այցելութիւններ կը կատարեն ունենալու համար անոնց զօրակցութիւնը, որպէսզի կառավարութեան ներկայացնեն իրենց պահանջը` «Ապրելու իրաւունք» անունով յատուկ օր մը հռչակել: Վեհափառ հայրապետը ողջունելով...

Հարպոյեան Վարժարանի Աշակերտները Կը Նշեն Հայ Գիրի Եւ Դպրութեան Տօնը

Ամէն հոկտեմբերին զանազան հանդիսութիւններով եւ տօնախմբութիւններով կը նշուի Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի եւ իր գործակիցներուն այն անգնահատելի իրագործումը, որ ծանօթ է այբուբենի գիւտով եւ Ե. դարու գրական եւ մատենագրական հարուստ վաստակով: Արդարեւ, ուրբաթ, 19 հոկտեմբեր 2012-ին, այս տարեշրջանի Գ. Հարպոյեան վարժարանի առաջին ատենամարզանքը նուիրուած էր Թարգմանչաց տօնին: Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, մանկապարտէզի աշակերտները հայ լեզուին մասին խմբային արտասանութիւններով եւ...

Աշուղական Երգի, Ծաղկաշինութեան, Տուտուկի Եւ Ասմունքի Նոր Խումբերու Ստեղծումով. Մեսրոպեան Վարժարանի Մարզամշակութային Խումբերու Ուսուցիչներու Ժողով

Երեքշաբթի, 9 հոկտեմբեր 2012-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, տեղի ունեցաւ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի մարզամշակութային խումբերու ուսուցիչներու անդրանիկ ժողովը: Այս տարեշրջանին պիտի գործեն հետեւեալ խումբերը` պարախումբ (փոքրեր` Սարին Պողչալեան, մեծեր` Սարին Արթինեան), թատերախումբ (Վազգէն Մուղալեան), աշուղական երգ (Գարմեն Աճեմեան), լուսանկարչութիւն (Րաֆֆի Պէրպէրեան), գեղանկարչութիւն (Գէորգ Ուլաշեան), ծաղկաշինութիւն (Աշոտ Թազեան), ասմունք (Յասմիկ Պերթիզլեան), տուտուկ (Յակոբ Գելուկեան), ֆութպոլ եւ պասքեթպոլ (Գօգօ Մեսճեան եւ...

Page 98 of 114 1 … 97 98 99 … 114

Արխիւներ