Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Գիրքի Անդրանիկ Տպագրութեան Նուիրուած Ոգեւորիչ Հանդիսութիւն

December 15, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտական խորհուրդի տեղեկատուական խմբակին, ուրբաթ, 23 նոյեմբեր 2012-ին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, «Ֆարաճեան» լսարանին մէջ տեղի ունեցաւ հայ գիրքի տպագրութեան 500-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւն` մասնակցութեամբ երկրորդական դասարաններու աշակերտութեան:

Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց Սէրլի Պեսիլ, որ նշեց, թէ հայ տպագրութենէն 500 տարի ետք, հակառակ հաղորդակցութեան նոր միջոցներուն, համացանցին եւ այլ սարքերուն, գիրքերուն արժէքը կը մնայ անփոխարինելի: Պեսիլ ըսաւ, որ հայութիւնը եւ ի մասնաւորի հայ աշակերտութիւնը պէտք է շարունակէ մտահոգուիլ հայ գիրքով, որովհետեւ դաստիարակութեան, լեզուի զարգացման, նկարագրի կազմաւորումին եւ պատմութեան պահպանման լաւագոյն միջոցն է:

Տեղեկատուական խմբակին կողմէ պատրաստուած հայ տպագրութեան նուիրուած վաւերագրական տեսերիզի ցուցադրութենէն ետք Մարինէ Հալլաճեան ջութակով նուագեց «Կռունկ»-ը:

Օրուան պատգամախօսն էր Մեսրոպ վրդ. Թոփալեան, որ ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց հայ տպագրութեան պատմական արժէքն ու հայութեան համար կարեւորութիւնը: Հայր Թոփալեան ըսաւ, որ հայ գիրքը մարդու հոգին կը հարստացնէ եւ միտքը կը զարգացնէ: Իր խօսքի աւարտին Մեսրոպ վրդ. Թոփալեան ըսաւ, որ հայ աշակերտը հայ գիրքին հետ երբեք առանձին չէ, եւ յոյս յայտնեց, որ հայ աշակերտը ամբողջական կերպով կ՛արժեւորէ հայ գիրքը` զայն միշտ կարդալով եւ անոր մտերմանալով:

Գեղարուեստական յայտագիրի Բ. մասով Սթեֆանի Պալթայեան ասմունքեց Սիլվա Կապուտիկեանի «Խօսք իմ որդուն» բանաստեղծութիւնը: Հանդիսութեան աւարտին  խօսք առաւ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ, որ յայտնեց, թէ հայ աշակերտը իր պատմութեան հետ պէտք է ունենայ ամուր կապ, պէտք է հպարտ զգայ, որ ինք հայ է, եւ պէտք է գիտակցի, որ մեծ ժառանգութիւն ունի: Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէնը նշեց, որ տեղեկատուական խմբակին կազմակերպած իւրայատուկ այս նախաձեռնութիւնը ոգեւորիչ էր ու գնահատելի:

 

Նախորդը

Նոր Տարուան Մաղթանքներ

Յաջորդը

Բերքահաւաք Ազգային Արուեստից Քոլեճի Արագ Ուսման Յատուկ Դասընթացքներ

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.