Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Վարժարանին Կողմէ Անկախութեան Իւրայատուկ Նշումը

November 29, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի աշակերտութիւնը Լիբանանի անկախութեան տարեդարձը նշեց իւրայատուկ  կերպով` ամբողջ դպրոցական օր մը անցընելով Ղոսթաի զօրանոցին մէջ, բանակի «մուժաուքալ» զօրամասին հետ:

Արդարեւ, քոլեճի նախակրթարանի, միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտները, իրենց դասատուներուն ընկերակցութեամբ, ուրբաթ, 16 նոյեմբերի առաւօտուն ուղուեցան լիբանանեան բանակի Ղոսթայի զօրանոցը, ուր դիմաւորուեցան բանակի սպաներուն կողմէ:

Քոլեճին անունով երկրորդական բաժինէն 2 աշակերտներ ծաղկեպսակ զետեղեցին բանակի նահատակներուն նուիրուած յուշաքարին առջեւ, որմէ ետք Պալիկ Փանոսեան արաբերէն լեզուով կարդաց բանակին ուղղուած խօսքը, որուն մէջ ան կը դրուատէր բանակին կատարած զոհողութիւնները` ի խնդիր` Լիբանանի անկախութեան, նորանոր յաղթանակներ ու վերելք մաղթելով անոր:

Ապա կիրարկուեցաւ գեղարուեստական կոկիկ  յայտագիր մը: Երկրորդականի աշակերտուհի Լոռի Զեքեան մեկնաբանեց «ֆի սապահ էլ էլֆ ա՛թթալիթ» երգը, որմէ ետք յաջորդաբար  հանդէս եկան քոլեճի մեծ ու փոքր աղջիկներու  եւ միջակ-երկսեռ խումբերը` ներկայացնելով  արաբական արտայայտչական ու «տապքէ»  պարեր, արժանանալով ներկաներու  գնահատանքին:

Աշակերտական ներկայացումէն ետք զօրամասի զինուորները ներկայացուցին  մարտական խաղեր ու վարժանքներ: Անոնք  պարաններով շէնքերէ էջք կատարեցին, մագլցեցան, քալեցին պարաններու վրայ, ու  մինչեւ իսկ…  օձ կերան` զարմացնելով ներկայ  աշակերտները:

Հրամանատար Ժորժ Նատիր իր  գրասենեակին  մէջ ստանձնեց  քոլեճի տնօրէն Զոհրապ Ղազարեանին կողմէ իրեն յանձնուած  յուշանուէրը, որմէ ետք անոնք միասնաբար  հատեցին քոլեճի կողմէ տրամադրուած`  լիբանանեան` դրօշակը  պատկերող  կարկանդակը:

Յայտագրի աւարտին զօրամասին հրամանատարութիւնը ծոթրինով հաց ու  պտուղի հիւթ հիւրասիրեց ներկայ  աշակերտներուն, որոնք, նախաճաշելէ ետք,  բանակին փոխադրակառքերով  շրջեցան  զօրանոցին մէջ:

Հաճելի ու հետաքրքրական օրուան աւարտին  աշակերտները դպրոց վերադարձան ուրախ  տրամադրութեամբ ու դրական  տպաւորութիւններով:

 

Նախորդը

Լիբանանի Անկախութեան Տօնակատարութիւնը Հարպոյեան Վարժարանին Մէջ

Յաջորդը

«Իմ Կեանքի Երազը Եղած Է Հայրենիքիս Մէջ Ծառայել» «Ազդակ»-ին Ըսաւ Քոյր Արուսեակ Սաճոնեան

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.