Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արտակարգ Ընտրութիւնները` 1 Նոյեմբերին Էրտողան Խորհրդարանին Կը Յանձնարարէ Պատրաստուիլ Նոր Ընտրութեանց

Օգոստոս 26, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Եըլմազ եւ Էրտողան
Եըլմազ եւ Էրտողան

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Իսմեթ Եըլմազի հետ հանդիպումին ընթացքին խորհրդարանին յանձնարարած է պատրաստուիլ արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններու: Դռնփակ հանդիպումը տեւած է չորս ժամ քսան վայրկեան:

Էրտողան երէկ նաեւ հանդիպում ունեցած է վարչապետի պաշտօնակատար Ահմեթ Տաւութօղլուի հետ եւ զինք լիազօրած ժամանակաւոր կառավարութիւն ձեւաւորելու:

Աւելի ուշ, գլխաւոր ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը յայտարարած էր, որ կը մերժէ մաս կազմել ժամանակաւոր կառավարութեան:

Թուրքիոյ Ընտրական կեդրոնական մարմինը երէկ արտակարգ ընտրութիւններու իբրեւ թուական ճշդեց 1 նոյեմբերը:

Միւս կողմէ, Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ յայտնեց, որ «Թուրքիան պէտք է մասնակցի Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պատերազմին»` աւելցնելով. «Թուրքիա պէտք է քիւրտերուն հետ խաղաղութեան բանակցութիւնները շարունակէ»:

Մինչ այդ, «Անատոլու» հաղորդեց, որ ՔԱԿ Կարս նահանգին մէջ պայթեցուցած է Պաքու-Թիֆլիս-Էրզրում կազի խողովակաշարին մէկ հատուածը: Կազի հոսքը դադրեցուած է:

Կարսի նահանգապետ Կիւնայ Էօզտեմիր հաստատած է, որ պայթումը հետեւանք է ահաբեկչական գործողութեան: Ան նշած է, որ պայթումէն ետք կրակը տարածուած է, հրշէջները անվտանգութեան նկատառումներով փակած են տարածքը:

Շրջանի բնակիչները եւս` լսելով պայթումին հուժկու ձայնը, փողոց դուրս եկած են: Կրակի բոցերը տեսանելի եղած են կարսի եւ Էրզրումի որոշ շրջաններէն:

 

Նախորդը

Պայտըն Կրնայ Միացեալ Նահանգներու Նախագահութեան Իր Թեկնածութիւնը Յայտարարել

Յաջորդը

Ծերակոյտին Մէջ Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Իր Աջակցութիւնը Կը Յայտնէ Իրան-Վեցեակ Համաձայնագիրին

RelatedPosts

Թրամփ. «Կազայի Շուրջ Մեր Բանակցութիւնները  Կը Շարունակուին, Եւ Կը Յուսանք Յառաջիկայ  Շաբթուան Ընթացքին Բանի Մը Հասնիլ»
Միջազգային

Թրամփ. «Կազայի Շուրջ Մեր Բանակցութիւնները Կը Շարունակուին, Եւ Կը Յուսանք Յառաջիկայ Շաբթուան Ընթացքին Բանի Մը Հասնիլ»

Յուլիս 15, 2025
Սուէյտայի Մէջ Զինեալ Բախումներ  30 Զոհ Եւ 100 Վիրաւոր Կը Պատճառեն
Միջազգային

Սուէյտայի Մէջ Զինեալ Բախումներ 30 Զոհ Եւ 100 Վիրաւոր Կը Պատճառեն

Յուլիս 15, 2025
Թրամփ Փութինին Ուքրանիոյ Պատերազմը  Դադրեցնելու 50 Օրուան Պայմանաժամ Կը Ճշդէ
Միջազգային

Թրամփ Փութինին Ուքրանիոյ Պատերազմը Դադրեցնելու 50 Օրուան Պայմանաժամ Կը Ճշդէ

Յուլիս 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?