«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Ճափոնի կառավարութեան բանբեր Եոսիհիտէ Սուկա Ճափոնի մայրաքաղաք Թոքիոյի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնած է, որ Ճափոնի վարչապետ Սինցօ Ապէ եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա ունեցած են հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին քննարկած են համաշխարհային ելեւմտական շուկային վիճակը եւ Քորէական թերակղզիի վրայ տիրող կացութիւնը:
Ապէ եւ Օպամա համաձայնած են սերտօրէն համագործակցիլ աշխարհի շուկաներուն մէջ բաժնետոմսերու արժէքի անկումի հարցին շուրջ, ինչպէս նաեւ գոհունակութիւն յայտնած են Քորէական թերակղզիին վրայ լարուածութեան մեղմացման համար, որուն շուրջ համաձայնութիւն գոյացած էր Հարաւային Քորէայի եւ Հիւսիսային Քորէայի միջեւ տեղի ունեցած բանակցութիւններուն ընթացքին:
Զրոյցին ընթացքին Օպամա յոյս յայտնած է համաշխարհային խնդիրներու լուծման համար Անդրխաղաղովկիանոսեան գործընկերութեան համաձայնագիրի շուտափոյթ կնքման եւ Ճափոնի հետ դաշնակցային յարաբերութիւններու հետագայ ամրապնդման առնչութեամբ:
Միեւնոյն ժամանակ վարչապետ Ապէ մտահոգութիւն յայտնած է այն տեղեկութեան գծով, թէ Միացեալ Նահանգներու Ազգային անվտանգութեան գործակալութիւնը գաղտնալսած է Ճափոնի բարձրաստիճան պաշտօնատարներն ու քաղաքական գործիչները:
«Եթէ ատիկա ճիշդ է, ապա անխուսափելիօրէն պիտի խախտի վստահութիւնը», վարչապետի խօսքը մէջբերած է «Քիոթօ» գործակալութիւնը:
Հաղորդակցութեան ընթացքին Օպամա այդ իրողութեան նկատմամբ ներողութիւն խնդրած է:
Հիւսիսային Եւ Հարաւային Քորէաները
Համաձայնած Են Մեղմացնել
Զինուորական Լարուածութիւնը
«Ռոյթըրզ» կը հաղորդէ, որ Հիւսիսային եւ Հարաւային Քորէաներուն միջեւ լարուածութիւնը նուազած է երկու օր տեւած բանակցութիւններէ ետք:
Կողմերը հրապարակած են միացեալ յայտարարութիւն մը, որուն մէջ Փիոնկեանկ ափսոսանք յայտնած է վիրաւորուած հարաւային քորէացի զինուորներուն վերաբերեալ, որոնք ականի պայթումէն վնասուած էին ապառազմականացուած գօտիին մէջ: Սէուլն ալ իր կարգին համաձայնած է անջատել բարձրախօսները, որոնց միջոցով Հիւսիսային Քորէայի վարչակարգին դէմ քարոզչութիւն կը կատարէր վերջինիս հետ սահմանին վրայ:
Հիւսիսային Քորէա չեղեալ յայտարարած է զինուորական դրութիւնը, որ յայտարարուած էր կողմերուն միջեւ փոխադարձ ռմբակոծումներէն ետք: Բացի ատկէ, յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ երկու Քորէաները մայրաքաղաքներէն մէկուն մէջ հետագային պիտի կատարեն բանակցութիւններ, որոնց նպատակը պիտի ըլլայ կապերու բարելաւումը:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը ողջունեց համաձայնութիւն: