ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը ողջունեց Եմէնի հարցով ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի յատուկ պատուիրակ Իսմայիլ Ուալատ Շէյխ Ահմետի 10 ապրիլի կէս գիշերէն սկսեալ Եմէնի մէջ զինադուլի եւ 18 ապրիլին Քուէյթի մէջ խաղաղութեան բանակցութիւններու սկսման մասին յայտարարութիւնը:
Ապահովութեան խորհուրդը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով տագնապի առնչակից բոլոր կողմերուն կոչ ուղղեց` «անմիջապէս նուազեցնելու բռնարարքները եւ հրաժարելու որեւէ արարքէ, որ կրնայ լարուածութեան բարձրացման առաջնորդել` հարթելու համար ճամբան թշնամական արարքներու դադրեցման, եւ ճկուն ու շինիչ կերպով մասնակից դառնալու քաղաքական բանակցութիւններուն, Ապահովութեան խորհուրդի առնչակից որոշումներուն` մասնաւորաբար անցեալ տարի որդեգրուած թիւ 2216 որոշումին հիմամբ` առանց նախապայմաններու եւ բարի կամեցողութեամբ»:
Հաղորդագրութիւնը առնչակից կողմերուն կոչ ուղղեց յարգելու մարդասիրական օժանդակութիւններու մատակարարումը դիւրացնելու վերաբերեալ իրենց ստանձնած յանձնառութիւնը: