
ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ «Թի.Էն.Էս.» ընկերութեան կողմէ հրապարակուած հարցախոյզին արդիւնքները ցոյց կու տան, թէ Բրիտանիոյ Եւրոպական Միութեան կազմէն դուրս գալու կողմնակիցներուն եւ այդ քայլի հակառակորդներուն թիւերը հաւասարած են:
Համացանցի ճամբով կատարուած հետազօտութեան տուեալները ցոյց կու տան, որ հարցախոյզի մասնակիցներուն 36 առ հարիւրը չեն ուզեր, որ Լոնտոն խզէ Պրիւքսէլի հետ իր յարաբերութիւնները: Այդ ցուցանիշը չէ փոխուած մէկ ամիս առաջ կատարուած նոյնպիսի հարցախոյզէն ի վեր: Նոյն ատեն, 28 պետութիւններէ բաղկացած դաշինքի կազմէն դուրս գալու կողմնակիցներուն թիւը նուազած է 39 առ հարիւրէն:
Ատոր հետ միատեղ, հարցախոյզի մասնակիցներուն 28 առ հարիւրը տակաւին չէ կողմնորոշուած, թէ ո՛ր ճամբարին կ՛ուզէ միանալ: 10-էն 14 մարտ կատարուած հարցախոյզին մասնակցած է 1200 մարդ:
Բրիտանիոյ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան շուրջ հանրաքուէն, որուն կայացումը վարչապետ Տէյվիտ Քամերոնի նախընտրական խոստումն էր, նախատեսուած է 23 յունիսին: Պահպանողական վարչապետը ինք հանդէս կու գայ այն բանի օգտին, որ երկիրը մնայ «բարեփոխուած Եւրոպական Միութեան կազմին մէջ»:


