Մինչ Թուրք Նախարարը Անհաւանական Կը Նկատէ Համաձայնիլը. Թուրքիան Եւ Եւրոպական Միութիւնը Փոխադարձաբար Զիրար Կը Մեղադրեն Այցեգիրի Վերացման Հարցին Գծով
Թուրքիոյ եւրոպական հարցերու նախարար Վոլքան Պոզքըր անհաւանական նկատեց առանց այցեգիրի Եւրոպա մուտքի գծով համաձայնութեան գործադրութիւնը Եւրոպական Միութեան հետ: Պոզքըր «անկարելի» նկատեց Եւրոպական Միութեան պահանջած 72 կէտերու բարեփոխման կարելիութիւնը: Նշեալ բարեփոխումներով Եւրոպական Միութիւնը Թուրքիայէն կը պահանջէ բարեփոխել ահաբեկչութեան դիմակալման ծիրին մէջ Թուրքիոյ կիրարկած պատժամիջոցները: Արդարեւ, մէկէ աւելի աղբիւրներէ փաստարկուած տեղեկագիրներ հասան ՄԱԿ-ի եւ Եւրոպական Միութեան պատկան կողմերուն, ըստ որոնց, Թուրքիա խիստ...




















