Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հետզհետէ Սաստկացող Թուրք-Քիւրտ Բախումներու Ծիրին Մէջ

May 14, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Էրտողան. «Ոչ Մէկ Յարձակում  Պիտի Կասեցնէ
Թուրքիոյ Հողային Ամբողջականութեան
Մեր Պաշտպանութիւնը»

«Քիւրտերուն դէմ կռիւը կանգ պիտի չառնէ, ոչ մէկ յարձակում պիտի խոչընդոտէ կամ կասեցնէ Թուրքիոյ միութեան մեր պաշտպանութիւնը», յայտարարեց Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան` երէկ ակնարկելով թուրք-քրտական շարունակուող բախումներուն եւ այս ծիրին մէջ պատահող պայթումի դէպքերուն Պոլսոյ թէ հարաւարեւելեան քրտաբնակ շրջաններուն մէջ:

Այս ծիրին մէջ երէկ թրքական բանակի վեց զինուորներ սպաննուեցան եւ ութ ուրիշներ վիրաւորուեցան քիւրտերուն դէմ բանակին շղթայազերծած ռմբակոծումներուն ծիրին մէջ: Աւելի ուշ «Էֆ-16» տիպի օդանաւեր եւ անօդաչու ուղղաթիռներ ուղարկուած էին քրտաբնակ շրջանները` «ճակատելու համար քիւրտ ահաբեկիչներուն դէմ»: Սակայն ուղղաթիռներէն մէկը «թեքնիք խանգարումի պատճառով ջախջախուեցաւ» եւ անոր երկու օդաչուները սպաննուեցան: Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) «Ֆուրաթ» կայքը աւելի ուշ յայտարարեց, որ ՔԱԿ-ի քիւրտ զինեալներ ստանձնեցին դէպքին պատասխանատուութիւնը` յայտարարելով, որ իրենք վար առած են թրքական ուղղաթիռը:

Հակաքիւրտ զինուորական ա՛յլ գործողութեան մը ընթացքին 15 քիւրտ զինեալներ սպաննուած են Շըրնաքի մէջ:

Նաեւ Պայթում` Սարըղամիշի Մէջ

Explosion_Sareghamish_51316

Տասը հոգի վիրաւորուած է Տիգրանակերտի Սարըղամիշ շրջանին մէջ, երբ քիւրտ զինեալներ կը փորձէին ռումբեր փոխադրել գողցուած ինքնաշարժի մը մէջ: Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը, որ հաղորդեց լուրը, կ՛աւելցնէ, թէ  փոխադրութեան միջոցին ռումբերը պայթած են` պատճառելով չորս քիւրտ զինեալներու սպանութիւնը: Նոյն աղբիւրին համաձայն, զինեալները շատ հաւանաբար կը պատկանէին Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ):

Նշենք, որ թրքական ապահովական ուժեր երէկ ութ կասկածելիներ ձերբակալած են` զանոնք մեղադրելով իբրեւ յանցագործ` նախանցեալ օր Պոլսոյ ասիական բաժինի զինուորական զօրանոցներու շրջանին մէջ պատահած պայթումին:

Աւելցնենք, որ վերջերս սաստիկ բնոյթ ստացած է թուրք-քրտական տագնապը, որուն առանցքը կը կազմէ քիւրտերու ինքնավարութեան պահանջը` Թուրքիոյ հարաւարեւելեան քրտաբնակ շրջաններուն մէջ:

Նախորդը

Հակառակ Թուրքիոյ Յաճախակի Հերքումներուն. ՏԱՀԵՇ-ի Զինեալներ Կը Բուժուին Թրքական Հիւանդանոցներու Մէջ

Յաջորդը

Հակառակ Գորշ Գայլեր Ղրկելու Սպառնալիքին. Գերմանացի Ճաշարանապետը Վճռած Է Վերսկսիլ «Էրտողան Պըրկըր»-ի Վաճառման, Մինչեւ Էրտողան Փոխէ Իր Քաղաքականութիւնը

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.