Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ահաւոր Պայթում` Պաղտատի Բազմամարդ Շուկաներէն Մէկուն Մէջ

Մայիս 12, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Explosion-in-Iraq_51116

Ահաւոր պայթում մը երէկ կէսօրէ առաջ ցնցեց Պաղտատի արեւելքը գտնուող Սատր շրջանի բազմամարդ մէկ շուկան: Սկզբնական տեղեկութեանց համաձայն, պայթումը պատճառած է 64 զոհ եւ 87 վիրաւորներ: ՏԱՀԵՇ-ը համացանցի վրայ ստանձնեց մեծամասնութեամբ շիիներով բնակուած այս շրջանի պայթումը` բացայայտելով զայն գործադրած ահաբեկիչին` Ապու Սուլէյման Անսարիի անունը, զայն որակելով «նահատակ»:

Նմանապէս, երէկ  յետմիջօրէին երկու այլ պայթումներ եւս պատահեցան, մէկը Պաղտատի հիւսիսը գտնուող Քազըմիէ քաղաքի մուտքին, մեծամասնութեամբ շիիներով բնակուած Ատան հրապարակին վրայ, երկրորդը` Պաղտատի արեւմուտքը Ժամիհա թաղամասի Ռապիհ փողոցին մէջ, մեծամասնութեամբ սիւննի բնակչութեամբ: Առաւելաբար դաշնակցային ոստիկանութեան անցարգելներ թիրախ ունեցող այդ երկու պայթումները, նախնական տեղեկութիւններու համաձայն, պատճառեցին 18 զոհ եւ 42 վիրաւոր:

Ցարդ ոչ ոք ստանձնեց վերջին երկու պայթումներուն պատասխանատուութիւնը:

Նշենք, որ առաջին պայթումէն ճողոպրած մարդիկ իրենց ցասումը արտայայտեցին, մեղադրելով կառավարութիւնը իբրեւ իրենց պաշտպանութեան մէջ թերացող իշխանութիւն:

Այս պայթումները կը պատահին այնպիսի պահու, երբ Իրաքի մէջ քաղաքական սաստիկ տագնապ կայ, երեսփոխանները չեն կրնար համաձայնիլ լիագումար նիստ գումարելու առումով եւ կառավարութիւնը կը պարզէ գրեթէ կազմալոյծ վիճակ` հատուածական եւ կուսակցական տարակարծութեանց հետեւանքով:

Նշենք, որ ՏԱՀԵՇ-ի կատարած պայթումները առաւելաբար թիրախ ունին Իրաքի շիիներով բնակուած շրջանները: Երէկուան պայթումը մեծագոյնն ու ամէնէն ահաւորն էր ամիսներէ ի վեր յաճախակիօրէն կատարուող պայթումներուն շարքին:

Նախորդը

Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարին Գծով. Էրտողան. «Ոչ Մէկ Պետութիւն Թուրքիոյ Չափ Ճիգ Թափեց»

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Լաւրով. «Մեզի Եւս Պէտք Են Երաշխիքներ,  Թէ Ռուսիոյ Եւ Միացեալ Նահանգներու Նախագահներու  Հանդիպումը Որոշակի Արդիւնքներ Պիտի Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով. «Մեզի Եւս Պէտք Են Երաշխիքներ, Թէ Ռուսիոյ Եւ Միացեալ Նահանգներու Նախագահներու Հանդիպումը Որոշակի Արդիւնքներ Պիտի Տայ»

Հոկտեմբեր 29, 2025
Չինաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարը  Միացեալ Նահանգներու Հետ Առեւտրական  Տարակարծութիւններու Կարգաւորման  Համաձայնութեան Գոյացումը Յայտարարեց
Միջազգային

Չինաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարը Միացեալ Նահանգներու Հետ Առեւտրական Տարակարծութիւններու Կարգաւորման Համաձայնութեան Գոյացումը Յայտարարեց

Հոկտեմբեր 29, 2025
Նեթանիահու. «Համաս Կազայի Զինադադարի  Համաձայնութիւնը Կ՛ոտնահարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Նեթանիահու. «Համաս Կազայի Զինադադարի Համաձայնութիւնը Կ՛ոտնահարէ»

Հոկտեմբեր 29, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?