Միացեալ Նահանգներ Ամերիկեան Արտադրութեամբ Օդանաւերուն Արտօնութիւն Տուած Են Դէպի Իրան Թռիչք Կատարելու
Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները յայտնած են, որ ամերիկեան արտադրութիւն եղող օդանաւերուն պիտի արտօնեն թռիչքներ կատարել դէպի Իրան: «Արապիյա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը կը նշէ, որ խօսքը կը վերաբերի մասնաւորաբար «Թըրքիշ Էրլայնզ»-ի եւ «Լիւֆթանզա»-ի նման ոչ ամերիկեան օդանաւային ընկերութիւններուն, որոնք կ՛օգտագործեն ամերիկեան արտադրութիւն եղող օդանաւեր: Յայտնի է, որ Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութեան օտար հաշիւներու վերահսկման հարցերով վարչութիւնը արդէն տրամադրած է համապատասխան արտօնագիրը:




















