Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները յայտնած են, որ ամերիկեան արտադրութիւն եղող օդանաւերուն պիտի արտօնեն թռիչքներ կատարել դէպի Իրան:
«Արապիյա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը կը նշէ, որ խօսքը կը վերաբերի մասնաւորաբար «Թըրքիշ Էրլայնզ»-ի եւ «Լիւֆթանզա»-ի նման ոչ ամերիկեան օդանաւային ընկերութիւններուն, որոնք կ՛օգտագործեն ամերիկեան արտադրութիւն եղող օդանաւեր:
Յայտնի է, որ Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութեան օտար հաշիւներու վերահսկման հարցերով վարչութիւնը արդէն տրամադրած է համապատասխան արտօնագիրը: