Թեքսասի Օսթըն քաղաքին մէջ երկու անջատ հրացանաձգութիւններու պատճառով արձանագրուեցաւ զոհ մը եւ չորս ուրիշներ վիրաւորուեցան:
Հրացանաձգութիւնները տեղի ունեցան քաղաքի ժամանցի շրջանին մէջ: Ոստիկանութիւնը ըսաւ, որ դէպքերէն մէկը սկսած է տեղական ժամանակացոյցով ժամը 2:17-ին` «անհատներու միջեւ վէճով», եւ կասկածելին սկսած է կրակ բանալ այդտեղ գտնուող ժողովուրդին վրայ:
Ոստիկանութիւնը յայտնեց, որ 20-էն 30 տարեկանի միջեւ եղող կին մը մահացած է դէպքին վայրը, իսկ 30-էն 40 տարեկանի միջեւ եղող երեք այլ կիներ լուրջ, սակայն կեանքին չսպառնացող վէրքերով փոխադրուած են հիւանդանոց:
Ոստիկանութիւնը յայտնեց, որ զինեալ անձը տակաւին չէ ձերբակալուած:
Նշեալ դէպքին վայրէն քանի մը թաղ անդին տեղի ունեցած է երկրորդ դէպք մը: Կառատան մը մէջ հրացանաձգութիւն տեղի ունեցած է եւ 20-էն 30 տարեկանի միջեւ եղող այր մարդ մը վիրաւորուած է: Ոստիկանութիւնը նշեց, որ տեղի ունեցածը յարձակում մըն էր:
Ոստիկանութիւնը յայտնեց, որ կը կարծուի, թէ վիրաւորը նոյնինքն կրակ բացողն է:
Երկու դէպքերուն իրարու մօտ ըլլալը սկիզբը ոստիկանութիւնը մղած է կարծելու, որ անոնք իրարու առնչուած են: