Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապատի-Եըլտըրըմ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն. «Թրքական Բոլոր Ուժերը Պէտք Է Հեռանան Իրաքէն» Կ՛ըսէ Ապատի

March 16, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատի Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին յայտնեց, որ Անգարա պէտք է իրաքեան հողերէն հեռացնէ իր ուժերը:

Իրաքի վարչապետին գրասենեակը կը հաղորդէ, որ հեռաձայնային հաղորդակցութեան նպատակն էր երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններուն ամրապնդումը, ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարը, իրագործուած յաղթանակներն ու տարածաշրջանի իրավիճակին վերաբերող հարցեր քննարկելը:

Ըստ հաղորդագրութեան, Եըլտըրըմ շնորհաւորած է Ապատին` իրաքեան ուժերու ՏԱՀԵՇ-ի դէմ արձանագրած յաղթանակներուն, Նինուէ նահանգին ու մնացեալ իրաքեան հողերու ազատագրման համար` նշելով. «Թուրքիան իր կարելին կը տրամադրէ իրաքցի տեղահանուածներու օժանդակութեան համար»:

Ապատի յայտնած է, որ իրաքեան կեդրոնական ուժերը Սինճարի մէջ կը գործակցին Փեշմերկաներուն հետ` շեշտելով, որ իրաքեան կառավարութիւնը «այս հարցին մէջ որեւէ միջամտութիւն պիտի չարտօնէ»:

Իրաքի վարչապետը նաեւ յայտնած է, որ Անգարա պէտք է «իր բոլոր ուժերը հեռացնէ Իրաքէն, որովհետեւ այդ հարցը մասնաւորաբար կը վերաբերի իրաքեան գերիշխանութեան», սակայն նոյն ատեն շեշտած է, որ իր երկիրը «առաւելագոյն չափով նախանձախնդիր է Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու զարգացման»:

Եըլտըրըմ իր կողմէ խոստացած է, որ պիտի չարտօնէ երկու երկիրներու յարաբերութիւններու խանգարումը, մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերի թրքական ուժերու ներկայութեան հարցին: Ան երկկողմանի յարաբերութիւններու ամրապնդման համար դարձեալ Իրաքի վարչապետը հրաւիրած է Թուրքիա:

Աղբիւր մը 7 դեկտեմբեր 2016-ին «Մայատին»-ի յայտնած էր, որ իրաքեան կառավարութիւնը թրքական ուժերուն Իրաքէն հեռացման վերաբերեալ թրքական երաշխիքներ ստացած է, սակայն թրքական կողմը, հակառակ իրաքեան ճնշումներու, մերժած է այդ գծով ժամկէտ մը ճշդել:

 

Նախորդը

Չաւուշօղլու. «Եթէ Եւրոպական Միութիւնը Թուրքիոյ Հետ Մուտքի Արտօնագիրի Դրութիւնը Չջնջէ` Թրքական Կողմը Վերատեսութեան Պիտի Ենթարկէ Գաղթականներուն Վերաբերող Համաձայնագիրը»

Յաջորդը

Ուաշինկթըն Հոլանտայի Եւ Թուրքիոյ Կոչ Ուղղած Է` Խնդիրները Լուծելու Փոխադարձ Յարգանքով

RelatedPosts

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի  Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի  Գումարումը Կը Հաստատէ
Միջազգային

Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի Գումարումը Կը Հաստատէ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.