Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թիլըրսըն Ժետտայէն Վերադարձաւ Քուէյթ Եւ Այսօր Կ’այցելէ Տոհա

July 13, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն 10 յուլիսին սկսած Արաբական ծոց իր շրջապտոյտին ընթացքին Քուէյթ եւ Քաթար այցելելէ ետք, երէկ նաեւ այցելեց Սէուտական Արաբիա, ուր հանդիպում ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին հետ` վերջինիս Ժետտայի պալատին մէջ:

Հանդիպումին ընթացքին անոնք քննարկեցին երկկողմ յարաբերութիւններն ու գործակցութեան հեռանկարները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները:

Ըստ սէուտական ՈՒԱՍ լրատու գործակալութեան, Թիլըրսըն հանդիպում ունեցած է նաեւ իր սէուտցի պաշտօնակից Ատել Ժուպէյրի հետ եւ անոր հետ քննարկած շրջանի վերջին զարգացումներն ու հասարակաց հետաքրքրութեան հարցեր:

Թիլըրսըն սէուտցի պաշտօնատարներու հետ իր հանդիպումէն ետք մասնակցեցաւ հնգակողմանի ժողովի մը, որուն կը մասնակցէին Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սամեհ Շուքրի, Պահրէյնի արտաքին գործոց նախարար Խալետ պըն Ահմետ պըն Մոհամետ Ալ Խալիֆա, իսկ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն կողմէ արտաքին հարցերու պետական նախարար Անուար պըն Մոհամետ Քըրքաշ եւ Քուէյթի կողմէ նախարարաց խորհուրդի հարցերով պետական նախարար Մոհամետ Ապտալլա Մուպարաք:

«Ժազիրա» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Թիլըրսըն Ժետտայէն վերադարձած է Քուէյթ: «Արապիյա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը իր կարգին աւելի ուշ հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը այսօր կ’այցելէ Տոհա, ուր հանդիպում պիտի ունենայ Քաթարի իշխան շէյխ Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանիի հետ:

Նշենք, որ մէկ օր առաջ Քաթար Միացեալ Նահանգներու հետ ստորագրած էր ահաբեկչութեան եւ անոր ֆինանսաւորման դէմ պայքարելու փոխադարձ հասկացողութեան յուշագիր մը եւ իրեն հետ յարաբերութիւնները խզած երկիրներուն կոչ ուղղած միանալու յուշագիրին: Սակայն վերջիններս պատասխանած էին, որ յուշագիրին ստորագրումը անբաւարար է, եւ իրենք պէտք է հետեւողական ըլլան, որպէսզի Քաթար պայքարի ահաբեկչութեան հովանաւորման եւ սատարման դէմ:

Անոնք նաեւ հաւաստած էին, որ պատժամիջոցները պիտի մնան ուժի մէջ, այնքան ատեն որ Քաթարի իշխանութիւնները չեն կատարած իրենց ներկայացուած պահանջները:

 

 

Նախորդը

«Թուրքիան Պիտի Հանգչի, Եթէ Եւրոպական Միութիւնը Մերժէ Անոր Անդամակցութեան Դիմումը» Կ՛ըսէ Էրտողան

Յաջորդը

Թուրք Զինուորներու Նոր Խումբ Մը Հասած Է Քաթար

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.