Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի յայտարարեց, որ միութիւնը համաձայն է Յորդանանին տրամադրելու 280 միլիոն եւրոյի վարկ մը, որ պիտի յատկացուի շրջանի ճգնաժամերուն ժխտական ազդեցութիւններու դարմանումին, մասնաւորաբար յորդանանեան պիւտճէին վրայ սուրիացի գաղթականներու բեռին մեղմացումին:
Մոկերինի յայտնեց, որ Եւրոպական Միութիւնն ու Յորդանանը հասարակաց շահեր ունին` աւելցնելով, որ Յորդանանի արտաքին գործոց նախարար Այման Սաֆատիի հետ իր հանդիպումին ընթացքին քննարկած է Սուրիոյ հարաւ-արեւմուտքը զինադադար հաստատելու Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ եւ Յորդանանի նախաձեռնութիւնը:
 
			


