Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուաշինկթըն. «Ժամանակն Է Վերջ Տալու Եմէնի Տագնապին»

November 1, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով Եմէնի տագնապին առնչակից բոլոր կողմերուն կոչ ուղղեց` աջակցելու Եմէնի հարցով ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Մարթին Կրիֆիցի առաքելութեան եւ տագնապին խաղաղ լուծում մը գտնելու:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ յայտնեց, որ «ժամանակն է վերջ տալու Եմէնի մէջ հուսիներու վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներէն Սէուտական Արաբիոյ եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն դէմ կատարուող թշնամական արարքներուն, ներառեալ հրթիռակոծումներուն եւ անօդաչու թռչող սարքերով ռմբակոծումներուն»` աւելցնելով. «Ուստի, պէտք է նաեւ դադրեցնել սէուտական դաշինքին կողմէ բնակուած բոլոր շրջաններուն դէմ օդային յարձակումները»:

«Շինիչ խորհրդակցութիւնները պէտք է նոյեմբերին սկսին երրորդ երկրի մը մէջ` գործադրելու համար վստահութեան հաստատման քայլերը, մասնաւորաբար տագնապի հարցերուն մէջ, եւ վերջ տալու սահմաններուն վրայ պատերազմական վիճակին, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի խմբակին հովանաւորութեամբ հաւաքելու բոլոր ծանր զէնքերը», ըսաւ ան:

Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը վերահաստատեց. «Ժամանակն է վերջ տալու տագնապին, զայն փոխարինել զիջումներ կատարելով եւ խաղաղութեան հաստատման ու վերաշինութեան ճամբով եմէնցի ժողովուրդին առիթ տալով շունչ քաշելու»:

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Ճէյմս Մաթիս իր կարգին կոչ ուղղեց` Եմէնի մէջ զինադադար հաստատելու եւ ՄԱԿ-ի հովանաւորութեամբ բանակցութիւններու սկսելու:

Ան Ուաշինկթընի մէջ գործող Խաղաղութեան ամերիկեան հիմնարկին մէջ դասախօսութեան ընթացքին ըսաւ, թէ «անհրաժեշտ է, որ յառաջիկայ 30 օրուան ընթացքին Եմէնի վերաբերեալ կեցուածք որդեգրենք»` յոյս յայտնելով, որ տագնապին առնչակից բոլոր կողմերը կը ներկայանան խաղաղ բանակցութիւններու սեղան` «հիմնուելով զինադադարի, սահմանային շրջաններէն հեռացման, ապա օդային հարուածներու դադրեցման վրայ»:

«Կը կարծեմ, որ սէուտցիներն ու էմիրաթցիները ատոր պատրաստ են», շեշտեց Մաթիս:

Փենթակոնի ղեկավարը նշեց, որ իր երկիրը սէուտական ղեկավարութեամբ դաշինքին Եմէնի դէմ արշաւի ընթացքին կարիք ունեցած վառելանիւթին նուազ քան 20 առ հարիւրը կը տրամադրէ:

Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարար Ֆլորանս Պարլի իր կարգին ֆրանսական «Պէ.Էֆ.Էմ.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ժամանակն է վերջ տալու Եմէնի պատերազմին:

«Փարիզ ճնշում պիտի բանեցնէ քաղաքական լուծումի հասնելու համար, որովհետեւ Եմէնի մէջ զինուորական կացութիւնը անել է», նշեց ան:

Նշենք, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ հերքեց այն լուրը, թէ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ատել Ժուպէյր Եմէնի հարցով հաղորդակցութիւններ ունեցած է Իրանի հետ:

 

 

Նախորդը

Ըստ Թուրքիոյ Ընդհանուր Դատախազութենէն Աղբիւրի Մը. Սէուտական Արաբիոյ Ընդհանուր Դատախազին Հետ Հանդիպումը Դրական Չէ Եղած

Յաջորդը

Ռուհանի.«Իրան 4 Նոյեմբերին Հաստատուելիք Ամերիկեան Պատժամիջոցներէն Չի Վախնար»

RelatedPosts

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
Ըստ Թրքական Կառավարական Աղբիւրի Մը.  Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Բանակցութիւններու  Պոլսոյ Մէջ Շարունակումը Կարելի Է Եւ Յարմար
Միջազգային

Ըստ Թրքական Կառավարական Աղբիւրի Մը. Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Բանակցութիւններու Պոլսոյ Մէջ Շարունակումը Կարելի Է Եւ Յարմար

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.