Վրաստանի մէջ կիրակի օր տեղի ունեցած նախագահական ընտրութեան ընթացքին անկախ թեկնածու Սալոմէ Զուրապիշվիլի, որուն կ՛աջակցի երկրին իշխող «Վրացական երազանք» կուսակցութիւնը, ստացած է քուէներուն 50 առ հարիւրէն նուազ ձայն: Ան քուէներու 98,25 առ հարիւրի հաշուարկէն ետք ստացած է քուէներուն 38,6 առ հարիւրը:
Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Ընտրական կեդրոնական յանձնախումբի կայքը:
Ընդդիմադիր թեկնածու Կրիկոլ Վաշածէ ստացած է քուէներուն 37,75 առ հարիւրը: Ան Զուրապիշվիլիի հետ պիտի մասնակցի նախագահական ընտրութեան երկրորդ փուլին:
Նշենք, որ առաջին փուլին նախագահ ընտրուելու համար անհրաժեշտ էր ստանալ քուէներուն 50 առ հարիւրը:
Վրաստանի մէջ նախագահական ընտրութեան մասնակցութեան համեմատութիւնը եղած է 46,74 առ հարիւր: Նախընտրական պայքարին մասնակցած է 25 թեկնածու, հիմնական մրցակիցները կը նկատուէին արտաքին գործոց նախկին նախարար Սալոմէ Զուրապիշվիլի եւ նախկին նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլիի նախկին համախոհ Կրիկոլ Վաշածէ:
Ասիկա ժողովուրդի քուէարկութեան միջոցով նախագահական վերջին ընտրութիւնն է: 2023 թուականէն սկսեալ երկրի ղեկավարը պիտի ընտրուի 300 երեսփոխաններու կողմէ:



