Թուրքիոյ ընդհանուր դատախազի գրասենեակէն աղբիւր մը «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնած է, որ Սէուտական Արաբիոյ ընդհանուր դատախազ Սէուտ Ապտալլա պըն Մուպարաք «Մուհժապի հետ ժողովը դրական չէր, որովհետեւ ան չպատասխանեց սէուտցի լրագրող Ժամալ Խաշոկճիի դիակին, տեղացի մեղսակիցը կամ ամբաստանեալները Թուրքիոյ արտայանձնելու մասին հարցումներուն»:
Ան ըսած է, թէ սէուտցի ընդհանուր դատախազին փոխանցած` Սէուտական Արաբիոյ մէջ Խաշոկճիի հարցով կալանաւորուած 18 անձերուն վկայութիւնները հետաքննութեան մէջ նորութիւն չեն բերեր:
Նշենք, որ Սէուտական Արաբիոյ ընդհանուր դատախազը երեքշաբթի օր Թուրքիոյ ընդհանուր դատախազ Արֆան Ֆիտանի հետ աչքէ անցուց Պոլսոյ մէջ սէուտական հիւպատոսարանը:
Նախքան այդ, երկու կողմերը արդարադատութեան պալատին մէջ գումարեցին շուրջ մէկ ժամ տեւած ժողով մը:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ Լը Տրիան շեշտեց. «Սէուտցի լրագրող Ժամալ Խաշոկճիի սպանութեան շուրջ հետաքննութիւններուն արդիւնքները մինչեւ հիմա գոհացուցիչ չեն»:
«Սէուտական Արաբիան պէտք է Խաշոկճիի սպանութեան վերաբերեալ իր վարկը պահելու համար ճշմարտութիւնը յայտնէ», նշեց ֆրանսական դիւանագիտութեան պետը:
Ան նաեւ նշեց, որ Սէուտական Արաբիոյ զէնքի արտածումը դադրեցնելու առումով Գերմանիոյ որոշումը կանխահաս է:
Թուրք պաշտօնատար մը ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Անգարա կը կասկածի, թէ Ռիատ Խաշոկճիի հարցով անկեղծօրէն գործակցելու կամք ունի: