Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով նշեց. «Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքին մէջ կացութիւնը բարդ է Ուաշինկթընի քաղաքականութեան պատճառով, որ կը ձգտի մասնատել Սուրիան եւ Եփրատի արեւելեան ափին վրայ կիսապետութիւն հաստատել»:
«Միացեալ Նահանգներ իրենց դաշնակիցներուն կ՛արգիլեն Սուրիոյ ազատագրուած շրջաններուն մէջ ներդրում կատարել», ըսաւ ան:
Ռուսական դիւանագիտութեան պետը զգուշացուց Ուաշինկթընն ու անոր դաշնակիցները Սուրիոյ նկատմամբ ոչ օրինական քայլեր որդեգրելէ: