Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ռապըրթ Փալատինօ յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներ յանձնառու են իրենց ուժերու Սուրիայէն հեռացման, սակայն ատոր համար ճշդուած ժամանակացոյց մը գոյութիւն չունի»:
«Հեռացումը պիտի ըլլայ սերտուած եւ համակարգուած», նշեց ան:
«Ուժերու հեռացումը մարտավարական փոփոխութիւն է, սակայն ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորման դէմ պայքարի մեր նպատակին մէջ չկայ փոփոխութիւն», յայտնեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:
«Սուրիոյ հարցով Թուրքիոյ հետ ազդու հաղորդակցութիւններ գոյութիւն ունին, եւ այդ հաղորդակցութիւններուն մէկ մասը կը վերաբերի մեր ուժերուն այդտեղէն ապահով հեռացման իրագործման, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան շրջանին մէջ կայունութեան հաստատման», նշեց Փալատինօ:
Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ 19 դեկտեմբեր 2018-ին յայտարարած էր, թէ որոշած է իր երկրին ուժերը հեռացնել Սուրիայէն` ՏԱՀԵՇ-ի դէմ յաղթանակի արձանագրման պատճառով, սակայն ժամանակացոյց մը չէր ճշդած:



