Շուէտի դատախազութիւնը 20 մայիսին դիմած է դատարան` պահանջելով «Ուիքիլիքս»-ի հիմնադիր Ճուլիան Ասանժի հեռակայ ձերբակալման գիր տալ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այդ մասին նշուած է դատախազութեան մամլոյ տեղեկագրին մէջ:
«Գլխաւոր դատախազի տեղակալ Էւա-Մարի Փերսոն այսօր հարցում ուղարկած է Ուփսալայի գաւառային դատարան, որուն մէջ կը խնդրէ հեռակայ կարգով ձերբակալել Ճուլիան Ասանժը», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:
«Կը խնդրեմ, որ գաւառի դատարանը հեռակայ կարգով ձերբակալէ Ասանժը` բռնաբարութեան կասկածանքով: Եթէ գաւառի դատարանը որոշէ զինք ձերբակալել, ես ձեռնամուխ պիտի ըլլամ անոր ձերբակալման եւրոպական հրաման տալու ընթացակարգին, որ զինք Շուէտին արտայանձնելու մասին խնդրանք կը բովանդակէ», բացատրած է Փերսոն:
Շուէտական դատախազութիւնը կը բացատրէ, որ բրիտանական իշխանութիւններուն կողմէ տրամադրուած տեղեկութեան համաձայն, Ճուլիան Ասանժ 25 շաբաթեայ կալանքի տակ առնուած է Բրիտանիոյ մէջ կատարած յանցագործութեան համար:
«Ձերբակալման շուէտական եւրոպական հրամանագիրի եւ արտայանձնման վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու պահանջի միջեւ մրցակցութեան իրավիճակին մէջ Բրիտանիոյ իշխանութիւնները որոշում կ՛որդեգրեն հերթականութեան կարգի մասին: Այդ հոլովոյթին ելքը կարելի չէ կանխատեսել», աւելցուցած է Փերսոն:
Դատական նիստի օրն ու ժամանակը տակաւին որոշուած չեն: Այդ որոշումը պիտի տայ գաւառային դատարանը: