Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սէուտական Արաբիան Իր Քաղաքացիներուն Կոչ Կ՛ուղղէ Հեռու Մնալու Թուրքիայէն

Մայիս 23, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սէուտական Արաբիոյ մայրաքաղաք Ռիատի առեւտրաարդիւնաբերական պալատի նախագահ Աժլան Աժլան իր հայրենակիցներուն կոչ ուղղած է հեռու մնալու Թուրքիայէն:

Երկրի յառաջատար լրատուամիջոցներէն մէկուն հետ զրոյցի մը ընթացքին ան յայտնած է, թէ Թուրքիոյ մէջ առեւտուր ընելը վտանգաւոր է, իսկ թուրք պաշտօնեաները ի վիճակի չեն պաշտպանելու իրենց երկրին մէջ ներդրող սէուտցիները: Ան նաեւ ընդգծած է, որ սէուտցի գործարարները Թուրքիոյ մէջ կը հետապնդուին եւ յաճախ կը դառնան խաբէութեան զոհ:

Աժլան անդրադարձած է զբօսաշրջութեան ոլորտին` պնդելով, որ Սէուտական Արաբիայէն Թուրքիա մեկնող զբօսաշրջիկները հետապնդումներու կ՛ենթարկուին եւ վիրաւորական վերաբերմունքի կ՛արժանանան: Ան իր երկրացիներուն կոչ ուղղած է հեռու մնալու Թուրքիայէն եւ զբօսաշրջութեան համար մեկնելու Եգիպտոս, Տուպայ եւ այդպիսի «եղբայրական երկիրներ»: Ան նաեւ խոստացած է, որ իրենք դէպի Թուրքիա տոմսեր ամրագրած քաղաքացիներուն պիտի օգնեն, որպէսզի անոնց տոմսերը փոխարինուին Եգիպտոսի կամ Տուպայի տոմսերով: Այս մասին կը հաղորդէ «Էրմենիհապեր» կայքը:

Օրեր առաջ Ռիատի նահանգապետ Ֆայսալ պըն Պանտար իշխանը հիւրասիրութեան մը ընթացքին գաւաթ մը սուրճ վերցուցած էր, սակայն տեղեկանալով, որ անիկա թրքական արտադրութիւն է, մերժած էր սուրճը խմել: Միջադէպը մամուլին եւ ընկերային ցանցերուն վրայ մեծ արձագանգ գտած էր եւ կասկածներ յարուցած, թէ Ռիատ Թուրքիոյ դէմ գաղտնի պոյքոթ կը կիրարկէ:

Նախապէս Թուրքիոյ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատունը յայտարարութիւն մը հրապարակած էր` ահազանգելով, որ Թուրքիոյ մէջ անշարժ գոյք ձեռք բերել ուզող սէուտցի քաղաքացիները գումարներ կը վճարեն, սակայն իրենց գոյքը ստանալ չեն կրնար:

Սէուտական Արաբիոյ քաղաքացիները հետզհետէ աւելի յաճախ կը սկսին արտայայտուիլ այդպիսի դէպքերու մասին:

Թուրքիոյ վիճակագրական ընկերութեան տուեալներուն համաձայն, Թուրքիոյ մէջ անշարժ գոյք ձեռք բերող օտարազգիներու շարքին երկրորդ տեղը կը գրաւեն սէուտցիները: Օտարահպատակներու գնած շուրջ 122 հազար բնակարաններուն 10,3 առ հարիւրը կը գնեն Սէուտական Արաբիոյ քաղաքացիները, իսկ Թուրքիա այցելող զբօսաշրջիկներու թիւով սէուտցիները կը գրաւեն 11-րդ դիրքը: 2018-ին 628 հազար սէուտցի զբօսաշրջիկ այցելած է Թուրքիա:

 

 

Նախորդը

Աբխազիոյ Մէջ Նախագահական Ընտրութիւնը Յուլիսէն Օգոստոս Պիտի Յետաձգուի

Յաջորդը

Ուաշինկթըն. «Եթէ Սուրիական Վարչակարգը Քիմիական Զէնք Օգտագործած Ըլլայ, Պիտի Հակադարձենք»

RelatedPosts

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց

Հոկտեմբեր 15, 2025
Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»
Գլխաւոր լուրեր

Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»

Հոկտեմբեր 15, 2025
Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին.  Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին. Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը

Հոկտեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?