Իրանի Յեղափոխութեան պահակագունդը Արաբական ծոցին մէջ գրաւած է օտարերկրեայ նաւ մը, որ մաքսանենգուած վառելանիւթ կը փոխադրէր: Երէկ այս մասին «Թուիթըր»-ի վրայ հաղորդեց իրանեան «Փրես Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանը:
Պատկերասփիւռի կայանի տեղեկատուութեան համաձայն, նաւը կը փոխադրէր մէկ միլիոն տակառ վառելանիւթ:
Իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութեան տեղեկութիւններով, Յեղափոխական պահակագունդի պարեկային անդամները նաւը գրաւած են 14 յուլիսին, Լարաք կղզիին հարաւը:
Յիշեցնենք, որ երեքշաբթի օր հաղորդուած էր, թէ կիրակի օր քարիւղատար նաւ մը «կորսուած» է: «Սի.Էն.Էն.»` յղում կատարելով ամերիկեան հետախուզութենէն իր աղբիւրներուն, հաղորդած էր, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն պատկանող քարիւղատար նաւը, ենթադրաբար, գրաւուած է իրանցի զինուորներու կողմէ:
Իրան աւելի ուշ յայտարարեց, թէ օգնած է նորոգութեան կարիք ունեցող օտար քարիւղատար խանգարուած նաւու մը: «Էսոշիէյթըտ Փրես» հաղորդած էր, որ գրաւուած նաւը 58 մեթր երկարութեամբ «Ռիա» քարիւղատար նաւն է:
Յստակ չէ, եթէ խօսքը միեւնոյն նաւուն մասին է:



