Կիպրական լրատուամիջոցներ հրապարակած են տեղեկութիւն մը, ըստ որուն, Թուրքիոյ` 4 մայիսին սկսած փնտռտուքի աշխատանքները յաջողութեան հասած են եւ Միջերկրական ծովու արեւելեան ջուրեր ուղարկուած առաջին նաւը` «Ֆաթիհ»-ը, յայտնաբերած է 170 միլիառ խորանարդ մեթր բնական կազի պաշարներ: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Էնսոնհապեր» կայքը:
«Թուրքիան ետքայլ պիտի չկատարէ որոնողական աշխատանքներէն: Թուրքիան, հակառակ «Էս-400»-ներու վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու ճնշումներուն, ետքայլ չկատարեց: Թուրքիան արդէն բաւական գումար ծախսած է այս աշխատանքներուն համար», կը յայտնեն կիպրական լրատուամիջոցները:



