Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ռուսիան Թռիչքի Մէջ Է, Միացեալ Նահանգներուն Կը Սպասէ Խորհրդային Միութեան Ճակատագիրը, Իսկ Եւրոպան Կը Ծերանայ Եւ Կը Դողայ Մերքելին Պէս» Կ՛ըսէ Ժիրինովսքի

August 9, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ վիճակը հիմա աւելի լաւ է, քան Եւրոպայինն ու Միացեալ Նահանգներունը: Աւելի՛ն. Ուաշինկթընի վարած քաղաքականութիւնը յանգեցուցած է Միացեալ Նահանգներու մէջ լճացման, եւ այժմ երկրին կը սպառնայ Խորհրդային Միութեան ճակատագիրը: Այս մասին «360» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է Ռուսիոյ Ազատական-ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Վլատիմիր Ժիրինովսքի:

Անոր համաձայն, Մոսկուան դաշնակից երկիրներու դաշինքներ չի ստեղծեր եւ որեւէ մէկուն չի պարտադրեր իր գաղափարախօսութիւնը: Միեւնոյն ժամանակ, Ռուսիան յաջողած է կարգ ու կանոն հաստատել Սուրիոյ մէջ, բարելաւել յարաբերութիւնները Իրանի եւ Թուրքիոյ հետ:

«Այժմ Ռուսիան իր բոլոր դրացիներուն հետ լաւ, սակայն փոխադարձ շահաւէտ յարաբերութիւններ հաստատելու ձգտում կը ցուցադրէ», ընդգծած է Ժիրինոսվքի:

Ան նաեւ վստահ է, որ Ռուսիան «թռիչքի մէջ է, մինչ անոր մրցակիցները ճգնաժամի մէջ կը գտնուին»: «Միացեալ Նահանգները կը գտնուին անկումի փուլի մէջ, Եւրոպան աչքի առջեւ կը ծերանայ, կը քանդուի, կը դողայ ինչպէս Անկելա Մերքելը: Չինաստանէն պէտք չէ վախնալ, ան ոչ ոքի կը սպառնայ», ըսած է ռուս քաղաքական գործիչը:

Ըստ անոր, այսօր ամբողջ աշխարհը «կ՛ատէ Ամերիկան», իսկ Ռուսիոյ նկատմամբ, ընդհակառակն, «դրական կը վերաբերին»:

«Մենք կը վաճառենք աժան կազ, իսկ ամերիկացիները` սուղ, մենք կը վաճառենք աժան զէնք, իսկ ամերիկացիները` սուղ: Մենք բոլորին մուտքի արտօնագիր կու տանք, իսկ Միացեալ Նահանգները արգելքներ կը հաստատեն: Այսօր մենք աշխարհի ամէնէն ազատ երկիրն ենք, իսկ Միացեալ Նահանգներուն մէջ լճացում կայ: Այնտեղ պրեժնեւեան ժամանակներ են, եւ անոնց վատ աւարտ կը սպասէ, ինչպէս Խորհրդային Միութեան աւարտն էր», ըսած է ան:

 

 

Նախորդը

Թրամփ Սառեցուց Միացեալ Նահանգներու Մէջ Վենեզուելայի Սեփականութիւնը

Յաջորդը

Էրտողան Յոյս Ունի, Որ Ուաշինկթըն Անգարայի Հետ Յարաբերութիւնները Չի Զոհեր «Էս-400»-ներուն Պատճառով

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.