Հնդկաստանի խորհրդարանի վերին պալատը որդեգրած է Ճամու եւ Քաշմիր նահանգի վերակազմաւորման մասին օրինագիծը: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը:
Օրինագիծով կը դադրեցուի սահմանադրութեան 370-րդ յօդուածը, որ յատուկ կարգավիճակ կու տայ այդ նահանգին: Օրինագիծը որդեգրուած է 125 թեր եւ 61 դէմ քուէներով:
Մինչեւ հիմա Հնդկաստանի մէջ կար 29 նահանգ եւ 7 դաշնակցային տարածք: Վերջիններս նուազ իրաւունքներ ունին, քան նահանգները:
Միւս կողմէ, Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարարի առաջին տեղակալ Սոխայիլ Մահմուտ Իսլամապատի մէջ Հնդկաստանի դեսպանին բողոք յայտնեց` Ճամու եւ Քաշմիրի նահանգի յատուկ կարգավիճակի ջնջման որոշումին վերաբերեալ:
Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած յայտարարութեան մէջ նշուած է. «Փաքիստանը վճռականօրէն կը մերժէ Հնդկաստանի անօրինական գործողութիւնները, որովհետեւ անոնք կը հակասեն միջազգային իրաւունքի արժեչափերուն եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի քանի մը բանաձեւերուն: Կը դատապարտենք նաեւ վերահսկման գիծի ամբողջ արգելափակումը, յաւելեալ 180 հազար զինուորի տեղակայումը, պարետային ժամի սահմանումը, Քաշմիրի ղեկավարներու ձերբակալութիւնն ու հաղորդակցութեան ծառայութիւններու տրամադրման դադրեցումը»:
Փաքիստանեան բանակը իր կարգին յայտարարեց, որ պատրաստ է Քաշմիրի դատին աջակցելու համար որեւէ քայլի դիմելու:
ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, որ Փաքիստան վտարած է իսլամապատի մէջ Հնդկաստանի դեսպանը եւ առկախած Հնդկաստանի հետ առեւտուրը: