Ռուսական «ՌոսՊիզնեսՔոնսալթինկ»-ը (ՌՊՔ) հաւաքած է այլ երկիրներու կողմէ Ռուսիոյ ունեցած պարտքերուն մասին գոյութիւն ունեցող ամբողջ տեղեկութիւնը: Ռուսիոյ ելեւմտուքի նախարարութիւնը ռուսական պետական վարկերու գծով 1 մարտ 2019-ի դրութեամբ ընդհանուր պարտքը գնահատած էր 39,4 միլիառ տոլար, որմէ 15,8 միլիառը պարտական են ԱՊՀ-ի անդամ երկիրները:
Այդ երկիրներէն Ռուսիոյ մեծագոյն պարտքը ունեցող երկիրը Պիելոռուսիան է` 1 յունիս 2019-ի դրութեամբ 7,55 միլիառ տոլար: Երկրորդ դիրքի վրայ է Ուքրանիան` շուրջ 3,7 միլիառ տոլարով:
Ռուսիոյ պարտք ունեցող ԱՊՀ երկիրներուն ցուցակին վրայ երրորդ դիրքը կը գրաւէ Հայաստանը` 0,3 միլիառ տոլարով:
ԱՊՀ-ի շրջանէն դուրս օտար երկիրներու շարքին մեծագոյն պարտքը ունին Վենեզուելան` 3,5 միլիառ տոլար եւ Քուպան` 3,2 միլիառ տոլար:ահանգներու պահանջը:



