Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լոնտոն Պատրաստ Է Պրիւքսելի Հետ Քննարկելու «Պրեքզիթ»-ի Շուրջ Նոր Գործարքի Շրջագիծը

Օգոստոս 21, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Բրիտանիոյ կառավարութիւնը պատրաստ է Եւրոպական Միութեան հետ բանակցութիւններ վարելու «Պրեքզիթ»-ի պայմաններուն վերաբերեալ նոր համաձայնագիրի կնքման համար: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով բրիտանական նախարարաց խորհուրդէն աղբիւրի մը:

«Մենք կ՛ուզենք գործարք կնքել: Ցաւալի է, որ անոնք չեն ուզեր բանակցութիւններ վարել մեզի հետ: Այն փաստը, որ Եւրոպական Միութեան կազմէն դուրս գալու համաձայնագիրը Համայնքներու պալատին կողմէ մերժուած է ձայներու մեծ գերակշռութեամբ, կը նշանակէ, որ եթէ նոյնիսկ նոր գործարք չկնքուի, ապա անոնք պէտք է պատրաստ ըլլան նախորդին վերանայման: Մենք պատրաստ ենք եւ կ՛ուզենք ատիկա ընել», ըսած է աղբիւրը:

Եւրոպական Միութեան ղեկավարութեան համաձայն, Բրիտանիոյ` Եւրոպական Միութենէն դուրս գալու առաւել հաւանական բեմագրութիւնը այս պահուս «կոշտ Պրեքզիթ»-ն է` առանց ամէն կարգի համաձայնութիւններու: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին կը գրեն բրիտանական «Տէյլի Թելեկրաֆ» եւ «Տը Կարտիըն» օրաթերթերը, որոնք ծանօթացած են Եւրոպական յանձնաժողովի պաշտօնատարներու եւ Եւրոպական Միութեան անդամ 27 երկիրներու «Պրեքզիթ»-ի պատասխանատու դիւանագէտներու միջեւ հանդիպումի մանրամասնութիւններուն:

Օրաթերթերը կը նշեն, որ բառացիօրէն մինչեւ անցեալ շաբաթ Պրիւքսելի մէջ կ՛իշխէր այն կարծիքը, թէ հոկտեմբերին «Պրեքզիթ»-ին նուիրուած հերթական վեհաժողովի ընթացքին Բրիտանիան հերթական յետաձգման մասին խնդրանք պիտի ներկայացնէ: Սակայն անցեալ շաբաթ Բրիտանիոյ վարչապետ Պորիս Ճոնսընի յատուկ խորհրդական Տէյվիտ Ֆրոսթի հետ կայացած հանդիպումէն ետք, Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչներուն համար ակնյայտ դարձած է, որ Բրիտանիան ո՛չ մէկ «Բ» ծրագիր, զիջումներու ո՛չ մէկ պատրաստակամութիւն ունի, այլ կայ միայն «Ա» ծրագիրը` «անպայմանագիր Պրեքզիթ»-ը:

Պրիւքսել զարմացած է, որ մինչեւ օրս երկրի նոր վարչապետը ո՛չ Եւրոպական Միութեան ղեկավարներէն մէկուն, ո՛չ ալ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու ղեկավարութեան հետ հանդիպած է, ինչ որ, անոնց կարծիքով, անոր` փոխզիջումներու պատրաստ չըլլալու նշան է:

 

Նախորդը

Անդրադարձ. Թափանցիկ Շղարշով Պատուած Որոշում Մը

Յաջորդը

Էրտողան Ազրպէյճան Պիտի Այցելէ Մասնակցելու Համար Թրքական Խորհուրդի Նիստին

RelatedPosts

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»
Գլխաւոր լուրեր

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»
Գլխաւոր լուրեր

Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Ըստ Ամերիկացի Պաշտօնատարի Մը.   Թրամփի Եւ Ընի Միջեւ Ժողովի Գումարումը Ասիական Շրջապտոյտի «Օրակարգին Վրայ» Չէ
Միջազգային

Ըստ Ամերիկացի Պաշտօնատարի Մը. Թրամփի Եւ Ընի Միջեւ Ժողովի Գումարումը Ասիական Շրջապտոյտի «Օրակարգին Վրայ» Չէ

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?