Գերմանիոյ կառավարութիւնը յայտնեց, որ ներկայիս Սուրիոյ մէջ գոյութիւն չունի վայր մը, ուր գաղթականները կարենան անվտանգ վերադառնալ:
Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պատրաստած զեկուցումը կը նշէ. «Վերադարձողները, մասնաւորաբար անոնք, որոնք ծանօթ են իբրեւ ընդդիմադիրներ կամ վարչակարգը քննադատողներ, սակայն ոչ միայն անոնք, շարունակ մեկուսացման, պատիժներու եւ բռնաճնշումի կ՛ենթարկուին, եւ նոյնիսկ անոնց կեանքերուն ուղղակի սպառնալիքներ երեւան կու գան»: