Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Թուրքիան Մտադիր Է Գնել «Էս-400»-ները` Հակառակ Ամերիկեան Պատժամիջոցներու Սպառնալիքին» Կ՛ըսեն Թուրք Երեսփոխաններ

December 5, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիան պիտի չհրաժարի ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգելու գնումէն եւ օգտագործումէն, նոյնիսկ Միացեալ Նահանգներու կողմէ պատժամիջոցներու սահմանումին պարագային: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական «Իզվեսթիա»-ն` յղում կատարելով թրքական խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին:

Թուրքիոյ խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի անդամ Եունուս Էմրէի համաձայն, Թուրքիան չի կրնար սեփական անվտանգութիւնն ու պաշտպանունակութիւնը զոհել Միացեալ Նահանգներու կողմէ պատժամիջոցներէն խուսափելու համար:

«Ահաբեկչութեան դէմ պայքարը կ՛ընթանայ անմիջապէս մեր սահմաններուն վրայ: Մեր աշխարհագրական դիրքին պատճառով մենք կրակէ շրջանակի մէջ ենք: Մենք չենք կրնար վտանգել սեփական անվտանգութիւնը` խոնարհելով Միացեալ Նահանգներու սպառնալիքներուն առջեւ», ըսած է երեսփոխանը:

Այլ թուրք երեսփոխան մը` Էօզթիւրք Եըլմազ աւելցուցած է, որ «Էս-400»-ներու գնման պարագային պատժամիջոցներ կիրարկելու գաղափարը սխալ է եւ սեպ պիտի խրէ Ուաշինկթընի եւ Անգարայի յարաբերութիւններուն միջեւ:

Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ իր նախորդը` Պարաք Օպաման մեղադրեց իր քայլերով Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը դէպի Մոսկուա ուղղելու յանցանքով, որուն պատճառով ալ Անգարան գնած է ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը:

«Օպամայի վարչակազմը կ՛ըսէր. «Դուք պիտի չգնէք «Փաթրիոթ» համակարգերը, մենք զանոնք ձեզի պիտի չվաճառենք», յայտնած է Թրամփ: Անոր համաձայն, Թուրքիան քանի մը անգամ այդպիսի պատասխան ստացած է, որմէ ետք ալ «գացած եւ գնած է ռուսական հրթիռներ»:

 

Նախորդը

«Սեւ Ծովու Շրջանը Աւելի Ապահով Է Շնորհիւ ՕԹԱՆ-ին Եւ Թուրքիոյ» Կ՛ըսէ Ուքրանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տունը Չինաստանի Ույղուրներուն Աջակցող Օրինագիծ Որդեգրեց

RelatedPosts

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական  Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի  Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր

October 30, 2026
Վանս Նամակ Յղած Է Ռիտայիի
Գլխաւոր լուրեր

Վանս Նամակ Յղած Է Ռիտայիի

October 30, 2026
Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ Առաջարկած Է  Իր Տարածքին Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել
Գլխաւոր լուրեր

Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ Առաջարկած Է Իր Տարածքին Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.