Միացեալ Նահանգներու մէջ կը կարծեն, որ Իրան իր կարճ հասողութեամբ հրթիռները գաղտնի կերպով կը տեղափոխէ դրացի Իրաք, ուր արդէն երկու ամիս է` չեն դադրիր բողոքի ցոյցերն ու քաոսը: Այս մասին կը գրէ «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը` յղում կատարելով ամերիկեան հետախուզութեան աղբիւրներուն եւ զինուորականներուն:
Օրաթերթը նախապէս յայտնած էր, որ իր տրամադրութեան տակ յայտնուած են Իրանի հետախուզական արխիւներու հարիւրաւոր էջեր, որոնք «կը վկայեն Իրանի փորձերուն մասին` ներքաշուելու Իրաքի քաղաքական կեանքի բոլոր երեւոյթներուն մէջ»:
Օրաթերթի աղբիւրներուն համաձայն, Իրան «օգտուած է Իրաքի մէջ տիրող քաոսէն», որպէսզի կարճ հասողութեամբ հրթիռներու գաղտնի զինանոց տեղակայէ այնտեղ` «փորձելով վախցնել Միջին Արեւելքը եւ այնտեղ իր իշխանութիւնը հաստատել»:
Աղբիւրներուն համաձայն, այդ հրթիռները սպառնալիք կը ներկայացնեն Միացեալ Նահանգներու շրջանային գործընկերներուն եւ դաշնակիցներուն, որոնց շարքին` Իսրայէլի եւ Սէուտական Արաբիոյ:
Միացեալ Նահանգներու հետախուզութեան ներկայացուցիչները կը յայտարարեն, որ Իրան հրթիռները Իրաք տեղափոխելու համար կ՛օգտագործէ Իրաքի շիի զինեալ խմբաւորումները: