Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներ իրենց գրաւած սուրիական քարիւղի հանքերէն քարիւղ կը վաճառեն Թուրքիոյ, եւ այդ գործարքին մէջ Անգարա կը հանդիսանայ Ուաշինկթընի գործընկերը: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը:
Ասատ նշած է, որ քարիւղի նոյն հանքերը նախապէս գրաւուած էին նախ Ժապհաթ Նուսրայի, ապա` ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ:
«Երբ ՏԱՀԵՇ-ը եկաւ եւ այնտեղէն վերցուց Նուսրան, աւելի ճիշդ` միացաւ Նուսրային, անոնք սկսան գողնալ այդ քարիւղը եւ վաճառել: Որո՞ւ: Վաճառքը տեղի կ՛ունենար Թուրքիոյ տարածքով: Իսկ հիմա Միացեալ Նահանգները քարիւղ կը գողնան եւ կը վաճառեն Թուրքիոյ: Թուրքիան մեղսակից է, անոր համար խնդիր չկայ, Թուրքիան պատրաստ է», յայտարարած է Ասատ:
Ան նշած է նաեւ, որ Թուրքիան առաջ ալ անուղղակի դեր ունէր ահաբեկիչներէն քարիւղի գնման գործին մէջ, եւ հիմա ալ զայն կը գնէ Ուաշինկթընէն:



