Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթ յայտարարեց, որ «Պաղեստինեան դատը կորսուեցաւ»` աւելցնելով. «Միջազգային ընտանիքը կրնայ ատոր գինը սուղ վճարել»:
Ան զգուշացուց «կարգ մը երկիրներու Միջերկրական ծովուն մէջ ունեցած ախորժակներէն եւ կարգ մը այլ երկիրներու` նեղուցներուն ու ծովային անցքերուն տիրելու փորձերէն»:
Ան Եգիպտոսի մէջ «Միջազգային խաղաղութեան ու անվտանգութեան արդի մարտահրաւէրներ» խորագիրով խորհրդաժողովի նիստի ընթացքին յայտնեց, որ պէտք է այդ հարցը անկեղծ կերպով լուծել եւ ընդունիլ, թէ Միջին Արեւելքը նախ եւ առաջ Իրաքի մէջ մեծ հարուած ստացած է, եւ 2011-էն ետք պատահածը արդի հոլովոյթ մըն է, որ ցնցեց շրջանը, Եգիպտոսն ու ազգային պետութիւնները:
«Բազմաթիւ արաբական երկիրներու մէջ աւեր տեղի կ՛ունենայ, ինչ որ դրացի բազմաթիւ երկիրներու ախորժակը գրգռեց», ըսաւ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարը: