Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ Թուրքիան Եւրոպական Միութեան մէջ չընդունելու իսկական պատճառը երկրին մեծաթիւ բնակչութիւնը չէ: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Միլլիեթ»-ը:
«Մեզի կ՛ըսեն, որ Թուրքիոյ բնակչութիւնը շատ մեծ է: Սակայն Անգարայի (Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան) դիմումը չընդունելու պատճառը այլ է: Իրական պատճառը այն է, որ մենք իսլամ ենք», նշած է Թուրքիոյ նախագահը:
Թրքական «Հապերկլոպալ» կայքը իր կարգին կը հաղորդէ, որ Էրտողան Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահներ Վլատիմիր Փութինն ու Տանըլտ Թրամփը դասած է այն համաշխարհային ղեկավարներուն շարքին, որոնց ինք կը համակրի:
«Ան կրնայ հաճելի ըլլալ կամ չըլլալ մարդոց, սակայն ան գաղտնի ծրագիրներ չունի», ըսած է Էրտողանը Թրամփի մասին` պատասխանելով այն հարցումին, թէ համաշխարհային ղեկավարներէն զով կը գնահատէ:
«Տանըլտ Թրամփը ամէն ինչի մասին բաց կը խօսի: Ինծի հետ զրոյցի ժամանակ ան ամբողջովին բաց է, ինչպէս որ ես իրեն հետ», աւելցուցած է Թուրքիոյ ղեկավարը:
Խօսելով Փութինի մասին` Էրտողան նոյնպէս նշած է Ռուսիոյ «գաղտնի ծրագիրներուն» բացակայութեան մասին:
«Մենք կը գործենք` իրարու նկատմամբ բաց մնալով: Մենք միասին պիտի հասնինք տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան», ըսած է Թուրքիոյ նախագահը` խօսելով Փութինի մասին:
Նոյն ատեն, Էրտողան քննադատած է եւրոպական երկիրներուն ղեկավարները` նշելով, որ չի կրնար յիշել անոնցմէ գոնէ մէկը, որ կարելի է կոչել օրինակելի ղեկավար: