Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրան Հրթիռակոծեց Անպարի Եւ Էրպիլի Մէջ Գտնուող Ամերիկեան Ռազմակայաններ

Յունուար 9, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը զօր. Քասեմ Սիւլէյմանիի սպանութեան համար իբրեւ առաջին հակադարձութիւն տասնեակներով ցամաք-ցամաք հրթիռներ արձակած է Իրաքի մէջ Այն Ասատ ռազմակայանին դէմ:

Ըստ պահակագունդին առնուազն 30 ամերիկացի զինուորներ սպաննուած են, իսկ ըստ իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութեան եւ պետական պատկերասփիւռի կայանին` 80:

Կայանը նշեց, որ 15 հրթիռներ հարուածած են Այն Ասատ ռազմակայանը, եւ ամերիկեան հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը ոչ իսկ մէկ հրթիռ կրցած են վնասազերծել:

Իրանեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ 5 հրթիռներ արձակուած են Իրաքի մէջ ամերիկեան Թաժի ռազմակայանին դէմ:

Իրաքեան բանակը հաղորդեց, որ Իրաք Իրանէն հրթիռակոծուած է 22 հրթիռներով, որոնցմէ 17-ն ինկած է Այն Ասատ ռազմակայանին վրայ, իսկ 5-ը` Էրպիլի մէջ Միջազգային դաշինքին պատկանող դիրքերու վրայ: Իրաքեան ուժերու շարքերուն մէջ մարդկային վնասներ չեն արձանագրուած:

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ յայտնեց, որ Այն Ասատի ռմբակոծումը Միացեալ Նահանգներուն «ապտակ մըն է», իսկ զօր. Սիւլէյմանիի սպանութեան վրէժը «զանոնք շրջանէն հեռացնել»-ը պիտի ըլլայ: Ան զգուշացուց, որ Ուաշինկթըն աւելի ցաւոտ հարուածներ պիտի ստանայ, եթէ հակադարձէ իրանեան գործողութեան: Ան նշեց, որ իր երկիրը պատերազմի կամ մագլցումի չի ձգտիր, սակայն ինքզինք պիտի պաշտպանէ որեւէ յարձակումի դէմ դնելով. «Իրան հարուածեց այն ռազմակայանը, ուրկէ ընթացք առաւ մեր քաղաքացիներուն ու բարձրաստիճան պատասխանատուներուն դէմ երկչոտ զինեալ յարձակումը»:

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի յայտնեց, որ իրանեան զինուորական պատասխանը «պարզապէս ապտակ մըն էր, եւ գործուած ոճիրին համաչափ չէր, իսկ հիմնական հակադարձութիւնը զանոնք շրջանէն դուրս բերելն է»:

Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի յայտարարեց. «Միացեալ Նահանգներ թերեւս Սիւլէյմանիին ձեռքը կտրեցին, սակայն Իրան շրջանէն անոնց «ոտքը պիտի կտրէ»:

Իրանի զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետ զօր. Մոհամետ Հուսէյն Պաքրի յայտնեց. «Ժամանակն է, որ ամերիկացի ղեկավարները իրենց ահաբեկչական բանակի ուժերը արագօրէն հեռացնեն շրջանէն: Ամերիկեան որեւէ նոր չար արարքի պատասխանը աւելի ծանր եւ աւելի վճռական հարուած պիտի ըլլայ»:

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը իր կարգին ըսաւ. «Ամերիկային խորհուրդ կու տանք իր ուժերը հեռացնել շրջանէն, որպէսզի յաւելեալ ամերիկացի զինուորներ չսպաննուին»:

Մինչ Խրուաթիա եւ Սլովենիա յայտարարեցին, որ իրենց ուժերը Իրաքէն դէպի Քուէյթ կը հեռացնեն, ֆրանսական կառավարական աղբիւր մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Ֆրանսա Իրաքի մէջ իրանեան հարուածներէն ետք մտադիր չէ Իրաքի մէջ տեղակայուած իր ուժերը հեռացնել:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ իրանեան յարձակումէն անմիջապէս ետք «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց. «Ամէն ինչ լաւ է: Իրանէն Իրաքի մէջ գտնուող երկու ռազմակայանի դէմ հրթիռներ արձակուած են: Այժմ մարդկային կորուստներու եւ նիւթական վնասներու գնահատում տեղի կ՛ունենայ: Մինչեւ հիմա ամէն ինչ լաւ է: Աշխարհի վրայ անհամեմատ հզօրագոյն եւ լաւապէս զինուած բանակը ունինք: Վաղը առաւօտեան յայտարարութիւն պիտի կատարեմ»:

Յարձակումէն ետք Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարը, արտաքին գործոց նախարարը եւ սպայակոյտերու պետերու միացեալ մարմինի նախագահը հասան Սպիտակ տուն:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երէկ երեկոյեան յայտնեց, որ Իրաքի մէջ Այն Ասատ եւ Էրպիլի ռազմակայաններուն դէմ իրանեան յարձակումին ընթացքին ոեւէ ամերիկացի չէ վիրաւորուած: «Այդտեղ գտնուող մեր բոլոր զինուորները լաւ են», նշեց ան` աւելցնելով. «Իրանեան ռմբակոծումը ռազմակայաններուն մէջ փոքր ու թեթեւ վնասներ պատճառեց»:

«Աշխարհի պետութիւնները շալկեցին Իրանի` աշխարհի վրայ կայունութիւնը քայքայող վարմունքը, եւ այդ վարմունքին ժամանակը անցաւ», շեշտեց ան` նշելով, որ շրջանին մէջ խաղաղութիւն պիտի չըլլայ, եթէ Իրան շարունակէ իր ներկայ վարմունքը:

Միացեալ Նահանգներու նախագահը նշեց. «Սպաննեցինք Քասեմ Սիւլէյմանին` աշխարհի վրայ թիւ մէկ ահաբեկիչը, որ պատասխանատու էր մեր զինուորներէն հազարաւորներուն սպանութեան եւ վիրաւորման»:

Ան ըսաւ, որ ժամանակն է, որ Բրիտանիան, Ֆրանսան, Գերմանիան ու Չինաստանը հրաժարին Իրանի հետ կնքուած հիւլէական համաձայնագիրէն:

«Այլեւս կարիքը չունինք Միջին Արեւելքի քարիւղին, որովհետեւ աշխարհի վրայ քարիւղի եւ կազի մեծագոյն արտադրողն ենք: Ներկայիս առաջնահերթութիւնը ՏԱՀԵՇ կազմակերպութեան վերջ տալն է», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Միացեալ Նահանգներ խաղաղութեան կը ձգտին բոլոր անոնց հետ, որոնք կ՛ուզեն զայն իրագործել»:

«Իրանցի ժողովուրդին ու Թեհրանի մէջ ղեկավարներուն կ՛ըսեմ, թէ Ամերիկան պատրաստ է խաղաղութեան բոլոր անոնց հետ, որոնք խաղաղութիւն կ՛ուզեն», նշեց Թրամփ` շեշտելով. «Ամերիկան չ՛ուզեր զինուորական ուժ կիրարկել, եւ տնտեսական ուժը լաւագոյն զսպիչն է»:

Միւս կողմէ, Իրաքի արտաքին գործոց նախարարութիւնը մերժեց Իրանի կողմէ հրթիռակոծումը` նշելով. «այդ հարուածները Իրաքի գերիշխանութեան ոտնահարում կը նկատուին»:

«Իրաքը անկախ պետութիւն է, եւ անոր ներքին անվտանգութիւնը առաջնահերթութիւն է եւ մեծ ուշադրութեան կ՛արժանանայ: Պիտի չարտօնենք, որ Իրաքը տագնապի թատերաբեմ ըլլայ, յարձակումներու անցման կէտ դառնայ, կամ իր հողերը դրացի երկիրներուն վնաս հասցնելու իբրեւ կեդրոն օգտագործուին», նշեց նախարարութիւնը:

«Իրանի դեսպանը պիտի կանչենք այս բոլորը անոր ներկայացնելու համար», աւելցուց Իրաքի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

 

Նախորդը

Դամասկոսի Մէջ Փութին-Ասատ Հանդիպում

Յաջորդը

«Իսրայէլ Դէմ Է Իրանի Եւ Միացեալ Նահանգներու Տագնապին Մէջ Ներգրաւուելուն» Կ՛ըսէ Նեթանիահու

RelatedPosts

Թրամփ. «Իսրայէլ Մէկ Խօսքովս Կրնայ Կազայի Մէջ Կռիւը Շարունակել, Եթէ Համաս Զինադադարի Համաձայնութիւնը Չյարգէ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իսրայէլ Մէկ Խօսքովս Կրնայ Կազայի Մէջ Կռիւը Շարունակել, Եթէ Համաս Զինադադարի Համաձայնութիւնը Չյարգէ»

Հոկտեմբեր 17, 2025
Թրամփ. «Հնդկաստանի Վարչապետը Յայտնեց, Թէ Իր Երկիրը Ռուսական Քարիւղ Պիտի Չգնէ»
Միջազգային

Թրամփ. «Հնդկաստանի Վարչապետը Յայտնեց, Թէ Իր Երկիրը Ռուսական Քարիւղ Պիտի Չգնէ»

Հոկտեմբեր 17, 2025
Քրեմլին. «Փութինի Սուրիա Այցելութիւնը Երէկուան Բանակցութիւններուն Ընթացքին Չքննարկուեցաւ»
Միջազգային

Քրեմլին. «Փութինի Սուրիա Այցելութիւնը Երէկուան Բանակցութիւններուն Ընթացքին Չքննարկուեցաւ»

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?