Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դամասկոսի Մէջ Փութին-Ասատ Հանդիպում

January 9, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին երեքշաբթի օր այցելեց Դամասկոս, ուր Ռուսիոյ զինեալ ուժերու կեդրոնատեղիին մէջ հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը:

Կեդրոնին մէջ երկու նախագահները երկու երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներուն ներկայութեամբ լսեցին զինուորական մանրամասն զեկուցում մը:

Ռուսիոյ նախագահը շնորհաւորեց Սուրիոյ մէջ գործող ռուսական ուժերու Ս. Ծնունդը եւ շնորհաւորեց սուրիացի գործընկերներուն հետ անոնց պարտականութեան կատարումը, որուն շնորհիւ ահաբեկչութիւնը պարտութեան մատնուեցաւ եւ սուրիական բազմաթիւ շրջաններու, ներառեալ Դամասկոսի մէջ անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը վերականգնեցաւ:

Սուրիոյ նախագահը իր կարգին Ս. Ծննդեան տօնին առիթով շնորհաւորեց ռուս զինուորները եւ իր ու սուրիացի ժողովուրդին գնահատանքը յայտնեց անցնող տարիներուն անոնց իրագործած մեծ ձեռքբերումներուն եւ զոհողութիւններուն նկատմամբ:

Աւելի ուշ, Ասատ եւ Փութին ունեցան երկու հանդիպումներ, որոնցմէ մէկը` դռնփակ, եւ քննարկեցին շրջանին վերջին զարգացումներն ու Իտլիպի մէջ ահաբեկիչներուն գոյութեան վերջ տալու միացեալ ջանքերու շարունակման ծրագիրները:

Հանդիպումի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքին մէջ կացութեան զարգացումներուն եւ Թուրքիոյ քայլերուն:

Երկու նախագահները յայտնեցին, որ քաղաքական հոլովոյթի հիմնական նպատակը սուրիական բոլոր շրջաններուն մէջ կայունութեան ու անվտանգութեան վերականգնումն է, Սուրիոյ միութեան, անկախութեան եւ անոր հողերու անվտանգութեան պահպանումը:

Փութին եւ Ասատ միասնաբար շրջեցան Օմայատներու մզկիթը եւ այցելեցին Յովհաննէս Մկրտիչի գերեզմանը, ուր Փութին 17-րդ դարու Քորան մը նուիրեց մզկիթին: Երկու նախագահները այցելեցին նաեւ Դամասկոսի մէջ յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարքարան:

 

Նախորդը

Թեհրանի Մէջ Ուքրանական Ճամբորդատար Օդանաւ Մը Ջախջախուեցաւ

Յաջորդը

Իրան Հրթիռակոծեց Անպարի Եւ Էրպիլի Մէջ Գտնուող Ամերիկեան Ռազմակայաններ

RelatedPosts

Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգները Անընդունելի,  Իսկ Որոշ Պարագաներու` Վրդովեցուցիչ  Եւ Անիրատեսական Կը Նկատեն Կարգաւորման  Վերաբերեալ Իրենց Ուղղուած Իրանի Պահանջները»
Գլխաւոր լուրեր

Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգները Անընդունելի, Իսկ Որոշ Պարագաներու` Վրդովեցուցիչ Եւ Անիրատեսական Կը Նկատեն Կարգաւորման Վերաբերեալ Իրենց Ուղղուած Իրանի Պահանջները»

November 10, 2026
Այսօր Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Կ՛առնէ  Մոսկուա-Ուաշինկթըն-Քիեւ Եռակողմ Հանդիպումը
Միջազգային

Այսօր Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Կ՛առնէ Մոսկուա-Ուաշինկթըն-Քիեւ Եռակողմ Հանդիպումը

November 10, 2026
Այզենքոթ Իսրայէլի «Անվերադարձ Կէտ»  Հասնելէն Կը Զգուշացնէ
Միջազգային

Այզենքոթ Իսրայէլի «Անվերադարձ Կէտ» Հասնելէն Կը Զգուշացնէ

November 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.