Եւրոպական խորհրդարանը պիտի չհսկէ Ազրպէյճանի արտակարգ ընտրութիւններուն, որոնք նախատեսուած են այս տարուան 9 փետրուարին: Այս մասին նշուած է Եւրոպական խորհրդարանի հաղորդագրութեան մէջ, որ ուղարկուած է «Թուրան» լրատու գործակալութեան:
«Այսպիսով, Եւրոպական խորհրդարանի կամ անոր կառոյցներու անդամներէն ոչ մէկը լիազօրուած է Եւրոպական խորհրդարանին անունով հսկելու կամ մեկնաբանելու ընտրական հոլովոյթը:
«Հետեւաբար, եթէ Եւրոպական խորհրդարանի ոեւէ անդամ որոշէ հսկել այդ ընտրութիւններուն, ապա ատիկա պիտի կատարէ իր անձնական հանգամանքով, եւ ոչ մէկ պարագայի պիտի ներկայացնէ Եւրոպական խորհրդարանի տեսակէտը կամ դիրքորոշումը», նշուած է մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ:
Ազրպէյճանի մէջ արտակարգ ընտրութիւններուն հսկելէ հրաժարելու պատճառը չի նշուիր:
Նախորդ ընտրութիւններուն ժամանակ Եւրոպական խորհրդարանի շարք մը ներկայացուցիչներ Ազրպէյճանի մէջ հսկողութիւն կատարած էին, սակայն անոնց եզրակացութիւնները քննադատուած էին ժողովրդավարական ուժերուն կողմէ, որոնք եւրոպացի խորհրդարանականները մեղադրած էին բազմաթիւ խախտումները դիտաւորեալ չնկատելու եւ փաստացի կեղծումները արդարացնելու յանցանքով:
Ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Լէյլա Ապտուլայեւան` մեկնաբանելով Ազրպէյճանի մէջ արտակարգ երեսփոխանական ընտրութիւններուն Եւրոպական խորհրդարանի հսկիչներու բացակայութիւնը, յայտարարած է, որ Պաքու Ազրպէյճանի մէջ 9 փետրուարին տեղի ունենալիք արտակարգ ընտրութիւններուն վերաբերեալ նամակ-հրաւէրներ ուղարկած է խորհրդարանական այն պատուիրակութիւններուն ու կառոյցներուն, որոնց անդամ է, մասնաւորաբար` ԵԱՀԿ-ի Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու գրասենեակին, ԵԱՀԿ-ին, ԱՊՀ-ին, Ժողովրդավարութեան եւ տնտեսական զարգացման կազմակերպութեան, Թրքալեզու պետութիւններու համագործակցութեան խորհուրդին, Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան, Իսլամական համագործակցութեան խորհուրդին եւ այլ միջազգային ու շրջանային կազմակերպութիւններու:
«Ինչ կը վերաբերի Եւրոպական խորհրդարանին հրապարակած տեղեկատուութեան, ես պիտի ուզէի ընդգծել, որ ճիշդ չէ զայն մեկնաբանել իբրեւ Եւրոպական խորհրդարանին կողմէ Ազրպէյճանի երեսփոխանական ընտրութիւններուն հետեւելու մերժում: Նախ եւ առաջ, Ազրպէյճան այդպիսի հրաւէր չէ ուղարկած Եւրոպական խորհրդարան, որպէսզի այնտեղէն մերժում ստանայ: Ես պիտի ուզէի նշել, որ մեր երկիրը ոչ մէկ պարտաւորութիւն ունի Եւրոպական խորհրդարանին առջեւ: Եւ երկրորդ, ատիկա տեղեկատուութիւն մըն է, որ տրուած է Եւրոպական խորհրդարանի ընթացակարգային կանոններէն մեկնելով, այսինքն` Եւրոպական խորհրդարանի անդամները անհատական կարգով կրնան հետեւիլ Ազրպէյճանի երեսփոխանական ընտրութիւններուն», նշած է մամլոյ բանբերը: