Չինաստանի Հուպէյ նահանգին մէջ 10 քաղաքներ մեկուսացուած են «Քորոնա» ժահրի նոր տեսակի տարածման սպառնալիքին պատճառով: Այդ քաղաքներուն մէջ դադրեցուած է հասարակական փոխադրամիջոցներու աշխատանքը: Այս մասին կը հաղորդէ «Տը Կարտիըն» օրաթերթը` յղում կատարելով տեղական իշխանութիւններուն հրապարակած յայտարարութիւններուն:
Իշխանութիւնները դադրեցուցած են նահանգի մայրաքաղաք Ուհանի հետ փոխադրամիջոցային հաղորդակցութիւնը` նոյն ատեն փակելով օդակայանն ու երկաթուղիի կայարանները:
Մեկուսացուած են նաեւ Էչժոու, Չժիցիան, Հուանշի, Սիանթաօ, Էնշի, Ցիանցզիան եւ Սիանին քաղաքները:
Հուանկանի մէջ դադրեցուած է նաեւ շարժապատկերի ցուցասրահներու, սրճարաններու եւ զբօսանքի այլ կեդրոններու աշխատանքը:
Իշխանութիւններուն ցուցմունքով` բնակիչները կարելիութիւն ունին միայն քաղաքին մէջ տեղաշարժելու:
Չինաստանի մէջ վարակման պատճառով արդէն մահացած է 25 մարդ, վարակման դէպքերը հասած են 830-ի:
Չինացի մասնագէտները հաստատած են, որ «Քորոնա» ժահրի նոր տեսակը` «2019-նԳօՎ»-ը մարդէ մարդ կը փոխանցուի:
Նախապէս հաղորդուած էր Հարաւային Քորէայի, Ճափոնի, Միացեալ Նահանգներու եւ Թայլանտի մէջ նշեալ ժահրով հիւանդանալու դէպքերու մասին: