Ամերիկացի միլիառատէր Ճորճ Սորոս 1 միլիառ տոլար պիտի տրամադրէ համաշխարհային համալսարանի ստեղծման համար` մենատիրական կառավարութիւններու եւ կլիմայի փոփոխութեան դէմ պայքարի նպատակով: «Պլումպըրկ» կը հաղորդէ, որ ան այս մասին ըսած է Տաւոսի մէջ Համաշխարհային տնտեսական խորհրդաժողովի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ:
Միլիառատէրը ընդգծած է, որ երկարաժամկէտ ռազմավարութեան գլխաւոր նպատակը որակեալ կրթութեան հասանելիութիւնն է:
«Հաշուի առնելով կլիմայական վիճակը եւ ամբողջ աշխարհի վրայ անկարգութիւններու ալիքը` չափազանցուած պիտի չըլլայ ըսել, թէ 2020 թուականը եւ ատոր յաջորդող տարիները պէտք է որոշեն ո՛չ միայն Չինաստանի ղեկավար Սի Ցզինփինի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ճակատագիրը, այլ նաեւ ամբողջ աշխարհի», ըսած է Ճորճ Սորոս:
Ան նաեւ նշած է, որ ուսուցման եւ հետազօտութիւններու միջազգային հարթակը կը ծրագրուի ստեղծել «Բաց հասարակութիւն» համալսարանական ցանցի տուեալներուն հիման վրայ:
Սորոս խօսած է նաեւ Միացեալ Նահանգներու «գերտաքցած» տնտեսութեան, Դիմատետր ընկերութեան գերիշխող դիրքին եւ (Չինաստանի ղեկավար) Սի Ցզինփինի, (Հնդկաստանի վարչապետ) Նարենտրա Մոտիի եւ Տանըլտ Թրամփի մենատիրական կառավարման մասին: Ի դէպ, ան Թրամփը «խաբեբայ եւ ինքնասիրահարուած» կոչած է:
Տաւոսի Համաշխարհային տնտեսական խորհրդաժողովի այս տարուան նիւթը դրամատիրութեան ձեւաւորումն է բոլոր հետաքրքրուած կողմերուն համար` հաշուի առնելով, մասնաւորապէս, կենսոլորտային վտանգները: