Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ «Քորոնա» ժահրի սպառնալիքին պատճառով իր նախագահութեան ժամանակաշրջանը կարելի է «պատերազմական» նկատել: Այս մասին կը հաղորդէ «ֆոքս նիուզ» կայքը:
«Որոշ առումներով ես ինքզինքս պատերազմական ժամանակի նախագահ կը նկատեմ», ըսած է Սպիտակ տան ղեկավարը:
Թրամփ այդպիսի յայտարարութիւն կատարած է, երբ խօսած է Քորէական պատերազմի (1950-1953 թուականներ) ժամանակուան օրէնքի գործարկման մասին, որուն նպատակն է աշխուժացնել պաշտպանիչ դիմակներու եւ յատուկ հագուստի արտադրութիւնը:
«Ես նկատի ունիմ, որ մենք կը պայքարինք: Նկատի ունիմ, որ շատ դաժան իրավիճակի մը հետ գործ ունինք», մանրամասնած է Միացեալ Նահանգներու նախագահը: