Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրիա Կը Քննադատէ Ամերիկեան-Բրիտանական-Ֆրանսական-Գերմանական Հաղորդագրութիւնը

March 19, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ արեւմտեան թշնամական կեցուածքները Սուրիան աւելի վճռակամ պիտի դարձնեն պաշտպանելու իր ժողովուրդը, պահպանելու իր գերիշխանութիւնը, ազգային անկախ որոշումն ու վերականգնելու այն, ինչ որ ահաբեկչութիւնը քանդեց:

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւր մը ՍԱՆԱ լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Սուրիոյ հակամարտութեան 9-ամեակին առթիւ հրապարակուած ամերիկեան¬բրիտանական¬ֆրանսական¬գերմանական հաղորդագրութեան մէջ նշուածը կու գայ հաստատելու, որ այդ երկիրները սուրիացի ժողովուրդին դէմ պատերազմը երկարաձգելու համար կը շարունակեն աջակցիլ ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն:

Աղբիւրը աւելցուց, որ ամէնէն շատ գարշանք պատճառողը «մարդկային իրաւանց վերաբերեալ արեւմտեան գաղութատիրական խօսքերուն մէջ ցաւի սուտ արտայայտութիւնն ու կեղծաւորութիւնն է»:

«Այդ երկիրներուն կողմէ միջազգային օրէնքը բացայայտօրէն խախտելը` ահաբեկչութեան աջակցութիւնը, երկիրներուն ներքին հարցերուն միջամտելու փորձերը շարունակելը, միջազգային մարդասիրական օրէնքը ոտնահարելը եւ սուրիացիներու կեանքերուն վրայ այս անիրաւ պատերազմին ունեցած ազդեցութեան համար իրենց պատասխանատուութիւնը անհրաժեշտ կը դարձնեն, որ Միջազգային ընտանիքը դատապարտէ այդ քաղաքականութիւնները եւ ատոնց պատասխանատուները, նաեւ իրենց գործած ոճիրներուն համար հաշուետուութեան ենթարկէ զանոնք, մանաւանդ որ այդ գծով անոնց կատարած յայտարարութիւններն ու հրապարակած հաղորդագրութիւնները անհերքելի փաստեր են», նշեց աղբիւրը:

Յայտնենք, որ Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Բրիտանիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնները կիրակի օր, Սուրիոյ տագնապի 9-րդ ամեակին առթիւ, միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակած էին:

Քառեակը իր հաղորդագրութեան մէջ յայտնած էր. «Ինը տարի առաջ, տասնեակ հազարաւոր սուրիացիներ խաղաղօրէն դուրս եկան փողոց` պահանջելով մարդկային իրաւունքները յարգել եւ վերջ տալ փտածութեան… Դամասկոս պէտք է ընդունի կամքը սուրիացի ժողովուրդին, որ կը պահանջէ խաղաղութեամբ ապրիլ»:

 

 

Նախորդը

Էրտողան Կը Բանակցի Եւրոպական Միութեան Ղեկավարներուն Հետ` Գաղթականներուն Համար Դարձեալ Գումար Ստանալու Հարցին Շուրջ

Յաջորդը

«Քորոնա»¬ի Պատճառով Աշխարհի Աշակերտներուն Եւ Ուսանողներուն Կէսը Զրկուած Է Ուսումէ» Կ՛ըսէ Եունեսքօ

RelatedPosts

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
Ըստ Թրքական Կառավարական Աղբիւրի Մը.  Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Բանակցութիւններու  Պոլսոյ Մէջ Շարունակումը Կարելի Է Եւ Յարմար
Միջազգային

Ըստ Թրքական Կառավարական Աղբիւրի Մը. Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Բանակցութիւններու Պոլսոյ Մէջ Շարունակումը Կարելի Է Եւ Յարմար

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.