Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին պիտի գլխաւորէ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 75-րդ նստաշրջանին մասնակից ռուսական պատուիրակութիւնը: Այս մասին նշուած է Ռուսիոյ իրաւական տեղեկատուութեան կայքին վրայ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ:
Փութին նիստի ընթացքին խօսք պիտի արտասանէ տեսաուղերձի ձեւաչափով, ապա ռուսական պատուիրակութեան ղեկավարը պիտի դառնայ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով:
Ռուսիոյ նախագահը արտաքին գործոց նախարարութեան նաեւ յանձնարարած է հաստատել խորհրդականներու, փորձագէտներու եւ թեքնիք անձնակազմի ցուցակը:
Կը նախատեսուի, որ Փութին իր խօսքը արտասանէ 22 սեպտեմբերին: